
Ռումանիոյ մէջ Յունուար 18-25 կազմակերպուեցաւ ընտանիքի նուիրուած «Քրիստոնէութեան միասնութեան շաբա»չ, որուն ծիրին մէջ, Յունուար 23ին Պուխարեսթի Հայոց առաջնորդանիստ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքումենիք (տիեզերական) աղօթք՝ մասնակցութեամբ Ռումանական ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդական փոխանորդ Եոան եպիսկոպոսի, լուտերական, քալվինիստական, կաթոլիկ, ուղղափառ, աւետարանչական եկեղեցիներու առաջնորդներու:
Արարողութեան ներկայ էին Ռումանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ մօտ պապական պատուիրակ Խաւիէր Լոզանօ, Ռումանիոյ հայոց թեմի ծխական անդամներ, քահանայից դասը, քրիստոնէական եկեղեցիներու հարիւրաւոր ուխտաւորներ:
Էքումենիք աղօթքի օրհնութեան եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան՝ նշելով, որ այս էքումենիք աղօթքը մէկ անգամ եւս խնդրանք է առ Աստուած, որ Քրիստոսի ծննդեան խաղաղութիւնը տարածուի ամբողջ աշխարհի եւ բոլորի հոգիներուն մէջ: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդին՝ նշելով, որ օրեր առաջ տեղի ունեցած էքումենիք աղօթքին մէջ վերջինս խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ դատապարտեց այդ մեծագոյն ոճրագործութիւնը:
Էքումենիք աղօթքին ընթացքին իր քարոզին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ու ճանաչման պահանջով հանդէս եկաւ քալվինիստական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը՝ կոչ յղելով մարդկութեան օր առաջ ճանչնալու դարասկիզբի այդ ոճրագործութիւնը: Քոյր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը ուշադրութիւն հրաւիրեց Ցեղասպանութեան ժխտման բացասական հետեւանքներուն վրայ՝ մատնացոյց ընելով նման ոճիրներու կրկնուելուն դէպքերը նորագոյն ժամանակշրջանին:
Արարողութիւնը զուգակցուեցաւ հայկական հոգեւոր երաժշտութեան կատարումներով, իսկ էքումենիք աղօթքը աւարտեցաւ Ռումանիոյ հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի օրհնութեամբ:
inchkan ek uzum aghotel?herik e!