ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի միջազգային համախառն պահեստները 2014 թուականի Դեկտեմբերին կազմած են 1 միլիառ 489.3 միլիոն տոլար՝ մէկ ամսուան ընթացքին նուազելով 762.3 միլիոն տոլարով: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան հրապարակած «Միջազգային պահուստների եւ արտարժութային իրացուելիութեան ստանդարտ աղիւսակ»ին համաձայն՝ միջազգային պահեստներէն 945.4 միլիոնը արժեթուղթեր են, իսկ կանխիկ արտարժոյթը եւ աւանդները կազմած են 492.4 միլիոն: ԱՄՀի մէջ փոխառութեան յատուկ իրաւունքը (SDR) Դեկտեմբերին կազմած է 6.2 միլիոն տոլար:
Դեկտեմբերին Հայաստանի արժութային շուկային մէջ տեղի ունեցան լուրջ տատանումներ: Դրամի արժեզրկման գործընթացին ուժգնութիւնը մեղմացնելու համար Կեդրոնական դրամատունը հանդէս եկաւ նոր գործառնութեամբ։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր շաբաթ դրամատունը սահմանուած չափով տոլար կը վաճառէր առեւտրական դրամատուներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.