ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 30 Յունուարէն սկսաւ գործել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նախաձեռնութիւններուն նուիրուած պաշտօնական կայքը՝ Armeniangenocide100.org-ը: Անիկա պատրաստուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին որոշումով։
Կայքը հասանելի է երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: Բաղկացած է քանի մը բաժիններէ՝ Ցեղասպանութիւն, Ճանաչում, Պատմիր քո կեանքը, Նորութիւններ եւ Գրադարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.