ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գլխաւոր դերակատարներ՝ Սերժ Սարգիսեան եւ Ռեչեփ Էրտողան
Հանդիսատես՝ աշխարհ եւ մանաւանդ Եւրոմիութիւն
Առաջին կարգի վրայ տեղ գրաւած յատուկ հրաւիրեալներու կարգին են՝ համայն հայութիւնը:
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ մեր օրերուն, Երեւան-Անգարա նամակատան մէջ:
Ս.Ս.- Հէ՜յ, դրացի, կը յիշես քեզի հրաւիրած էի 24 Ապրիլ, 2015ին Երեւան, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը միասնաբար յիշատակելու… ո՞ւր մնացիր, մինչեւ հիմա պատասխան մը չտուիր:
Ռ.Է.- Հէ՜յ, «ղօնշու», ես ալ քեզի հիմա կը հրաւիրեմ 24 Ապրիլ, 2015ին, Անգարա, Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակը միասին յիշատակելու, միւս բարեկամներուս հետ: Հրաւէրս ստացա՞ր:
Ս.Ս.- Այո, հրաւէրդ ստացայ, բայց մի մոռնար, որ նախ ես քեզ հրաւիրած էի մասնակից դառնալու առաջին աշխարհամարտին մարդկութեան պատմութեան ամենազարհուրելի էջերէն մէկու յիշատակի հանդիսութեան:
Ռ.Է.- Հիմա որ մէկը կարեւոր է. իմս թէ ոչ քուկդ:
Ս.Ս.- Իմս Ցեղասպանութեան յատուկ է, որուն զոհ գացած են մէկ ու միլիոն հայրենակիցներս:
Ռ.Է.- Իմս ալ յաղթանակի փառատօն է, նորէն մի՛ սկսիր հին պատմութեանդ:
Ս.Ս.-Իմ ըսած այս Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնն էր, որ հող պատրաստեց Հոլոքոսթին:
Ռ.Է.-Էհ, վերջ տուր. ալ երկարեցի՛ր, ելիր եկուր:
Ս.Ս.-Քեզի խորհուրդ կու տամ չմոռնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը. հրամմէ՛, դուն եկուր:
Ռ.Է.-Ըսի՛. ալ երկարեցիր:
Ս.Ս.-Էհ, դուն հասակով երկար ես ըսելով, ես ալ երկարեցի: Չես հասկնար. առաջ ես քեզ հրաւիրեցի,
Ռ.Է.-Է՛հ, դուն ալ կարճ ես ըսելով, ալ կարճցո՛ւր. դո՛ւն եկուր մեր տունը:
Ս.Ս.- Մեր մօտ ընդունուած չէ հիւրընկալել հրաւիրողը, առանց սեփական պատասխան մը ստանալու: Ելի՛ր եկուր:
Ռ.Է.- Հերիք է, դո՛ւն ելիր եկուր:
Ս.Ս.- Ոչ, դո՛ւն եկուր, առաջ ես քեզ հրաւիրած եմ:
Ռ.Է.- Ելի՛ր եկուր ըսի. նազ մի՛ ըներ:
Ս.Ս. Ո՛չ, դուն եկուր մեր տունը:
Ռ.Է.- Ո՛չ, դո՛ւն եկուր մեր տունը:
Ս.Ս.- Ո՛չ, նախ դո՛ւն…
Ռ.Է.- Ո՛չ, նախ դո՛ւն…
Ու անիմաստ այս երկխօսութիւնը կորսուեցաւ պարապ թատերասրահի հին ծափահարութիւններու արձագանգին մէջ:
Յաջորդ արարը կամ արարները՝ ուրիշ առիթներով: