ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
Եղիշ, Նիւ Եորքէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իսկապէս քստմնելի ոճիր մըն է, եւ կը ցաւիմ անոնց մահուան համար, նաեւ կը կիսեմ անոնց ընտանիքներուն ցասումը: Սակայն տարօրինակն ու հեգնականը այն է, որ այս նոյն ահաբեկչական խմբակները երբ Սուրիոյ մէջ կ՛ականահարեն եկեղեցիներ եւ դպրոցներ, պատճառ դառնալով մանուկներու եւ պատանիներու մահուան, եւ ամբողջ երկիր մը կը քանդեն, զինուելով Արեւմուտքէն եւ մասնաւորաբար նոյնինքն Ֆրանսայէն, անոնք կը կոչուին Պաշար Ասատի բռնապետութեան դէմ կռուող ազատութեան մարտիկներ: Իսկ երբ Փարիզի մէջ նման արարք մը կ՛ընեն, կը դառնան խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը ահաբեկող քստմնելի ոճրագործներ: Խեղկատակութինն ալ չափ ու սահման ունենալու է:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարդացի, թէ Հայաստանի մէջ Յունուար վեցին սկսած է «օրէնքով գողեր»ու մեծ եւ պատմական հաւաք. ըստ տեղեկատուութեան՝ այս ֆորումին կը մասնակցին շուրջ հարիւր պատուիրակներ՝ բոլորն ալ հեղինակաւոր «օրէնքով գողեր»: Չեմ հասկնար թէ օրէնքով ինչպէ՞ս գող կ՛ըլլայ:
Սարգիս, Լա Վըրնէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինծի համար ալ անհասկնալի է, թէ ինչպէ՞ս գող մը օրէնքով կ՛ըլլայ: Կարելի՞ է որ կառավարութենէն արտօնագիր ունենան. չեմ կարծեր: Բայց զիս հետաքրքրողը այդ չէ, այլ՝ այս ֆորումի պատգամաւորներուն մէջ հայ կղերներ ալ կայի՞ն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս Ամերիկան եւ արեւմտեան շատ մը երկիրներ տնտեսական զօրաւոր պատժամիջոցներու դիմեցին Ռուսիոյ դէմ, Խրիմի մէջ իր ըրած ոտնձգութիւններուն համար: Շատ ուրախ եմ, որ այդ պատժամիջոցները իրենց արդիւնքը սկսան տալու, եւ Ռուսիոյ տնտեսութինը սկսաւ տուժելու: Այս դարուս կարելի չէ անկախ երկիրէ մը հող գրաւել: Կը պատժուիս:
Սմբատ, Տալասէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իսկ երբ Թուրքիա քառասուն մէկ տարի է բռնագրաւուած կը պահէ Հիւսիւսային Կիպրոսը, Ամերիկան եւ միւս արեւմտեան պետութիւնները որեւէ պատժամիջոցի դիմեցի՞ն: Ոչ եւ ոչ: Թուրքիոյ համար ալ ուրա՞խ ես, Սմբատ: