ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՒԱԳ ԳԻՏԱՇԽԱՏՈՂ ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ
Զրուցեց՝ ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի Վերածեց՝
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Իսկ յետագային արդէն օրինականացուեցաւ հայերու անշարժ եւ շարժական գոյքերու, ամբողջ հարստութեան բացայայտ կողոպուտն ու իւրացումը. այս բոլորին անդրադարձած է Անահիտ Աստոյեան, որուն հետ զրուցեցինք՝ պարզելով որոշ մանրամասնութիւններ.
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Ի՞նչը եղաւ ձեր գիրքի հրատարակման շարժառիթը:
ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆ.- Գիտնական Լեւոն Վարդան, որ հեղինակն է «1915 Եւ Հայերու Լքեալ Գոյքերը» գիրքին, առաջին անգամ ուսումնասիրեց այս խնդիրը՝ միաժամանակ յորդորելով շարունակել ուսումնասիրութիւնները: Որքան ալ զարմանալի հնչէ, բայց վերջին տարիներուն յատկապէս թուրք պատմաբանները սկսած են անդրադառնալու այս հարցին: Եւ վերջին 5-6 տարիներուն հրատարակուած է 5 գիրք, որոնց հեղինակներն են՝ Թաներ Աքչամ, Ուկուր Ումիթ, Սայիթ Չեթինօղլու, Նեւզաթ Օնարա եւ Այշէ Հիւր:
Թուրք հեղինակներու կարծիքով՝ թրքական ժխտողականութեան հիմքը հայերու ունեցուածքի վերադարձի խնդիրն է: Եթէ թուրքերը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա ստիպուած պիտի հաշտուին այն իրականութեան հետ, որ պարտաւոր են հատուցելու հայերու կրած նիւթական կորուստները: Այդ պատճառով կը նախընտրեն ժխտել եւ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը:
Ես զբաղած եմ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու տնտեսական գործունէութեան ուսումնասիրութեամբ, որուն ընթացքին պարզուեցան շատ հետաքրքրական փաստեր:
Հայերը Թուրքիոյ տնտեսութեան տէրն էին, այդ մէկը շատ կ՛անհանգստացնէր թուրքերը, յատկապէս երիտթուրքերը, որոնք մտահոգուած էին, որ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ հայերը պիտի տիրանան նաեւ երկրի քաղաքական իշխանութեան: Հայերը Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ առաջնակարգ էին՝ ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն:
Իսկ օսմանեան դպրոցներուն 80 տոկոսը հայկական էր:
Շատ մը պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, օտար դիւանագէտներու կարծիքով՝ հայերու ունեզրկումը եղած է հայոց Մեծ Եղեռնի դրդապատճառներէն մէկը: Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկընթաու բացայայտօրէն կ՛ըսէ. «Տեղահանութեան հիմնական նպատակը կողոպուտն է»:
Նոյնը կ՛ըսեն նաեւ թուրք պատմաբանները:
Իսկապէս, ունեզրկումը առաջնահերթ նպատակներէն էր, որովհետեւ պետութիւնը մեծ պարտքեր ունէր:
Նաեւ, երիտթուրքերը ունէին երկիրը թրքացնելու ծրագիր, որուն տնտեսական քաղաքականութիւնը իրականացուեցաւ հայերու եւ յոյներու ունեցուածքի թրքականացումով:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Ի՞նչ ուսումնասիրութիւններ ըրած էք գիրքի պատրաստման համար:
ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆ.- Մատենադարանին մէջ կը պահուին Օսմանեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարարութեան հրամանները՝ հայերու ունեցուածքը բռնագրաւելու մասին, որոնք կը վերաբերին Կեսարիոյ լքեալ գոյքերու յանձնաժողովներուն:
Հայերու տեղահանութենէն ետք՝ հայերու ունեզրկման գործընթացը դրուած է օրինական հիմքերու վրայ: 1915 թուականի Յունիս 10ին հրապարակուեցան հայերու լքեալ գոյքերուն հետ վարուելու 34 յօդուածէ բաղկացած հրահանգները, իսկ արդէն Սեպտեմբերին՝ «Լքեալ գոյքերու մասին» օրէնքը:
Օսմանեան խորհրդարանի մակարդակով օրինականացուեցաւ հայերու ունեցուածքի իւրացումն ու բռնագրաւումը, որ արդէն կ՛իրականացուէր ամբողջ երկրի տարածքին:
Ապա այս օրէնքի կիրառման համար պատրաստուեցաւ կանոնադրութիւն:
Իսկ իրաւական ակտերու հիման վրայ ստեղծուեցան լքեալ գոյքերու յանձնաժողովներ, որոնք կազմակերպեցին հայերու ունեցուածքի բռնագրաւումը: Այս փաստաթուղթերը կը պահուին Մատենադարանին մէջ:
Շատ կարեւոր փաստաթուղթեր են լքեալ գոյքերու յանձնաժողովներու արձանագրութիւնները, որոնք կրնան իրական պատկերը տալ, այն մասին, թէ մենք ինչ կորսնցուցած ենք: Գիրքին համար օգտագործուած աղբիւրները շատ են:
1918 թուականի Հոկտեմբեր 30ի Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ թերթերը հարուստ են այս նիւթերով, հրապարակումներով, որոնք գլխաւորաբար թրքական թերթերու արտատպումներ էին: Պարտուած թուրքերը սկսած էին խոստովանելու:
Ինծի շատ օգնած են նաեւ այս վերջին շրջանին հրատարակուած թուրք պատմաբաններու աշխատութիւնները:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Եթէ հայերու ունեզրկումը «օրինական» ձեւով կատարուած է, մենք այլեւս այդ բոլորը ետ պահանջել չե՞նք կրնար:
ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆ.- Լքեալ գոյքերու մասին օրէնքները, որոնք 1920 թուականին դաշնակից երկիրներու ճնշման տակ չեղեալ յայտարարուեցան, քեմալականները վերականգնեցին, եւ անոնք գործեցին են մինչեւ 1988 թուականը: Իբրեւ իրաւական փաստաթուղթ, մեզի կրնան օգնել Լոզանի դաշնագիրին մէջ ընդգրկուած կէտերը, որոնք կը վերաբերին հայերու ունեցուածքին: Հանրապետական Թուրքիան պարտաւորուած էր վերադարձնել հայերու ունեցուածքը: Բայց Քեմալական Թուրքիան 1923 թուականի Սեպտեմբերին Լոզանի դաշնագիրի յօդուածներու կիրառումը եւ յօդուածներու հիման վրայ Ազգերու լիկայի միջամտութիւնը բացառելու նպատակով, 1923 եւ 1927 թուականներուն ընդունեց օրէնքներ: Այդ օրէնքներով հայերը զրկեց իրենց հայրենի երկիրը վերադառնալու իրաւունքէն:
Տեղահանուածներու կամ կամաւոր գաղթածներու անձնագիրներուն մէջ դրուեցաւ կնիք, թէ՝ Թուրքիա վերադարձը յաւերժ արգիլուած է: Այդպիսով, ան տիրացաւ հայերու ձգած ունեցուածքին:
Քեմալական շարժման տարիներուն աւելի դաժանօրէն շարունակուեցան թէ՛ կոտորածները, թէ՛ հայերու ունեցուածքի բռնագրաւումը: Քեմալական շարժման շարժիչ ուժը հայերու ունեցուածքն էր: Քեմալ ամէնուր կ՛ըսէր՝ դուք ինծի պէտք է օգնէք, եթէ չօգնէք, ապա հայերը ետ կը վերադառնան եւ իրենց ունեցուածքին տէր կը դառնան:
Թուրք, քիւրտ մահմետական երեւելիները կը ֆինանսաւորէին քեմալական շարժումը, որուն յաղթանակի արդիւնքով 1923 թուականին ստեղծուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Արդեօք հնարաւո՞ր է հաշուել մեր նիւթական կորուստները:
ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆ.- Մարդկային ուղեղը ի զօրու չէ հաշուելու այդ գումարը: Ես գիրքին մէջ անդրադարձած եմ մօտաւոր համագումարին՝ բերելով թիւերու վերածուած փաստեր: Գոյութիւն ունին նաեւ տարբեր յանձնախումբեր, որոնք հաշիւներ ըրած են: Բացի 1919 թուականի Փարիզի վեհաժողովէն եւ Ազգային միացեալ պատուիրակութեան ներկայացուցած պահանջներէն, որոնք կազմուած են օտար մասնագէտներու միջոցով, հնարաւոր չէ ստոյգ հաշիւներ կատարել:
Օրինակ մը բերեմ. այս գիրքի հրատարակութենէն ետք Մատենադարան եկաւ կին մը, որուն մեծ հայրը վանեցի եղած է: Ան բերած էր մեծ հօր գրքոլկը՝ Օսմանեան դրամատան Վանի մասնաճիւղի, որուն ան 7 հազար կտոր ձուլածոյ ոսկի պահ տուած էր: Եթէ սովորական մարդը կրնար դրամատան մէջ այդքան ոսկի պահ տալ, ապա միւսնե՞րը, հարուստ ու երեւելի մարդիկ դրամատուներու մէջ որքա՞ն գումար կրնային ունենալ:
Ահռելի են նիւթական կորուստները, որ դարերու, հազարամեակներու ընթացքին ստեղծուած հարստութիւն է:
Լքեալ գոյքերու հրահանգներուն մէջ կար յատուկ կէտ, որ կը վերաբերէր հայկական եկեղեցական գոյքի եւ մշակութային արժէքներու կողոպուտին, որ անչափելի է:
Ըստ թրքական տուեալներու՝ մինչեւ 1914 թուական հայերը Թուրքիոյ մէջ ունեցած են 2538 եկեղեցի, 451 վանք, 2000 դպրոց: Այս հաստատութիւններու մէջ պահուող հարստութիւնը եւս իւրացուեցաւ, կողոպտուեցաւ եւ աւերուեցաւ: Եւ ասիկա անդառնալի կորուստ է ոչ միայն հայ, այլեւ՝ համաշխարհային մշակոյթին համար: Մօտաւոր տուեալներով փորձած եմ ի մի բերել կորուստը. 30 հազար մասնատուփ, 600 հազար ծիսական առարկաներ:
Մինչեւ հիմա թուրքերը մեր հաշուոյն կը հարստանան: Հայերուն մեծամասնութիւնը վստահ եղած է, որ տեղահանութիւնը ժամանակաւոր է: Բոլորը իրենց հարստութիւնը «ապահով» տեղ մը թաղած են: Արդէն 100 տարի թուրքերու մօտ ոսկիի տենդ կար՝ կը քանդեն, կ՛աւերեն նոյնիսկ հայկական եկեղեցիներու, տուներու, գերեզմաններու հիմքերը: Առ այսօր յատուկ սարքաւորումներով որոնումներ կը կատարեն:
Հայերու ունեցուածքի հաշուոյն թրքացուցին տնտեսութիւնը: Թուրքիոյ ազգային դրամագլուխի 32-35 տոկոսը հայկական ունեցուածքն է. այս մասին կը վկայեն թուրք պատմաբանները:
Թուրքերը վճարեցին արտաքին պարտքերու զգալի մասը, լեցուցին պետական պարապ գանձանակը: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հենքին վրայ, անոր նիւթական, ռազմական եւ քաղաքական շահոյթներու հիման վրայ:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Արդեօք այլ պետութիւններ մասնակցա՞ծ են հայերու ունեզրկման:
ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆ.- Շատ տարօրինակ երեւոյթ կը նկատուի. մինչեւ 1914 թուականը Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ թերթերը ողողուած էին օտար ապահովագրական ընկերութիւններու գովազդներով: 19րդ դարու կէսերէն երկիրը սկսաւ ողողուելու օտար ապահովագրական ընկերութիւններով,որոնք բոլորն ալ հայ յաճախորդներ ունէին: Թուրքիոյ մէջ գործող 63 օտար ապահովագրական ընկերութիւն ունեցած են հայ յաճախորդներ: Իսկ ապահովագինը կը ստանային ոսկի դրամով:
Ապահովագրական ընկերութիւնները կեդրոնական բոլոր քաղաքներուն մէջ ունեցած են մասնաճիւղեր: Անոնք եւս իւրացուցած են մեր ունեցուածքը:
Միայն «Նիւ Եորք Լայֆը» չնչին գումարներ վերադարձուց:
Թուրքիոյ մէջ կը գործէին նաեւ օտար դրամատուներ: Ինչպէս նշեցի, Թուրքիոյ տնտեսութեան հիմնական մասը հայերու ձեռքն էր, եւ հայ առեւտրականները, արդիւնաբերողները կ՛աշխատէին դրամատուներու հետ:
Դրամատուները նոյնպէս հայերու գումարները իւրացուցին: Փաստեր կան, թէ ինչպէս գերմանական դրամատուները կ՛իւրացնէին նաեւ հայերու լքեալ գոյքերը:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Գիրքը գրելու ժամանակ, ո՞ր փաստերուն հետ առնչուիլը առաւել ծանր եղած է ձեզի համար:
ԱՆԱՀԻՏ ԱՍՏՈՅԵԱՆ.- Առնչուած եմ շատ ծանր փաստերու հետ, զորս յիշելը առ այսօր շատ ծանր է ինծի համար: Ամենասարսափելին վճարուող փրկագինն է: Հայերու կարաւանները փողոց, կամուրջ, գիւղէ գիւղ անցնելու համար փրկագին կու տային, անընդհատ ոսկիներ կը բաժնուէին: Ժանտարմայի հրամանատար մը խոստովանած է, որ իրեն 40 արկղ ոսկի հասած է հայկական կարաւանէն:
Մարդիկ իսլամանալու համար փրկագին կու տային: Յայտնի մեծահարուստ Իպրանոսեան 15 հազար թրքական ոսկիի համարժէք շէնք տուած է՝ իսլամանալու համար: Իսկ իսլամացած հայերու թիւը դեռ պէտք է պարզել:
Յայտնի է, որ 63 հազար երեխայ մնաց Թուրքիոյ մէջ, ըստ Մորկընթաուի, 250 հազար հայ կիներէն ու աղջիկներէն, որոնց մեծ մասը հարեմներու մէջ եղած են, միայն 10 հազարը հնարաւոր եղած է ետ բերել՝ ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակիցներուն ջանքերով: Մարդիկ մեծ գումարներ կու տային մորթուելու փոխարէն գնդակահարուելու, այդ մէկ փամփուշտին համար:
Տեղեակ էք, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ յանցագործներու յատուկ կազմակերպութիւն կը գործէր: Բանտերէն դուրս հանուած յանցագործներու յատուկ կազմակերպութիւններու հետ երիտթուրքերը կը համագործակցէին պայմանով, որ անոնք ազատին քրէական հետապնդումէ պայմանով, որ հայերու կողոպուտը կիսէին:
Ըստ ամերիկեան տուեալներու, անոնց թիւը եղած է 300 հազար եւ հաշուած եմ, որ իւրաքանչիւրին հասած է 15 հազար հնչուն ոսկի: Եթէ բազմապատկենք, ապա միայն այդ յատուկ կազմակերպութեան հասած է 70 միլիառ թրքական հնչուն ոսկի:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»