ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Այսուհանդերձ, ներկայ դրութեամբ, իրականութիւն է նաեւ այն, որ Հայաստանը սերտ առնչութիւններով կապուած պիտի ըլլայ Արեւմուտքին, ինչպէս Վրաստանը՝ Ռուսիոյ: Այս տարերային պատկերը կրնայ փոխուիլ միայն, երբ Ռուսիա հրապարակ իջնէ ամբողջ Կովկասը իւրացնելու ուժային քաղաքականութեամբ. բա՛ն մը, որ առայժմ հեռու է աշխարհակարգի իրականութիւններէն:
Յամենայնդէպս, կանխատեսելի ապագայի տուեալներով, պարզ կը դառնայ, որ Ջաւախքի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի շահերուն տեսանկիւնէն՝ համատեղ աշխատանքի նոր հրամայականներ պիտի դնէ երկու հարեւան երկիրներուն առջեւ:
Վրացական վեհապետութեան մաս կազմող հայկական Ջաւախքը բացառիկ կարելիութիւնը ունի այսօր մտնելու Եւրոպայի հետ սերտ շփումներու աւազանէն ներս: Հետեւաբար անոր տնտեսական զարգացումը եւ աստիճանական համարկումը Եւրոպայի տնտեսութեան հետ հասարակաց առաւելութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի համար: Համատեղ ռազմավարութեամբ, Ջաւախքը կրնայ վերածուիլ զարգացման աշխոյժ գօտիի մը՝ խթանելով անոր մրցակցային բնական առաւելութիւնները եւ առանց խաթարելու անոր թանկագին կենսոլորտը: Հայաստանի ցամաքային ճանապարհները (խճուղային եւ երկաթուղային) Ջաւախքի եւ Վրաստանի այլ տարածքներու վրայով մինչեւ Սեւ Ծով եւ Եւրոպա Հայաստանին կը հայթայթեն իր տնտեսական կենսունակութեան համար անհրաժեշտ կապը Արեւմուտքի հետ: Ջաւախք կրնայ դիւրաւ դառնալ Հայաստանի կենսական շաղկապը Եւրոպայի հետ: Զարգացման այս նոր մայրուղին բնականօրէն կը խթանէ նաեւ հայ-իրանական տնտեսական կապերը եւ կ՛ամրապնդէ Հայաստանի դերակատարութիւնը Կովկասի մէջ որպէս համաշխարհային տնտեսական համարկման բանալի գործօն:
Այս առումով, Ջաւախքի հայկական նկարագիրի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է դիտուի որպէս բանալի արժէք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի կողմէ: Ջաւախքի հայեցիութեան հայեցակարգը պէտք է ձեւաւորուի որպէս երկու երկիրները միացնող ազդակ փոխանակ դիտուելու որպէս շահերու հակադրման կնճիռ: Հայաստան եւ Վրաստան պէտք ունին զիրենք միաւորող գոծօնները ամրապնդելու, ելլելով իրենց իսկ ազգային գերագոյն շահերէն: Հայկական Ջաւախքը երկու երկիրները միաւորող ներուժային հարթակն է:
Անշուշտ, այս իրականութիւնը յղի է աննախընթաց մարտահրաւէրներով Հայաստանի եւ Ջաւախքի համար. մարտահրաւէրներ՝ որոնք նաեւ մեծ պատեհութիւններ կը բանան հայ ազգային ռազմավարութեան համար: