ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Նախորդ տարի Հայաստանի «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայանները 18.5 տոկոսով աւելի ճամբորդի սպասարկած են, քան՝ 2013 թուականին:
Հայաստանի առընթեր Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ՝ 2014 թուականին երկու օդակայանները ընդհանուր առմամբ սպասարկած են 2 միլիոն 82 հազար 755 ուղեւորի, ինչ որ շուրջ 324,511 ճամբորդով աւելի է 2013 թուականի ցուցանիշէն:
Տուեալ ժամանակաշրջանին մեկնողներուն թիւը կազմած է 1,039,891 ուղեւոր, իսկ ժամանողներունը՝ 1,042,864: Մեկնողներուն եւ ժամանողներուն դրական հաշուեկշիռը կը կազմէ շուրջ 3 հազար անձ:
Բեռնափոխադրումներուն ծաւալը կազմած է 10.4 թոն, փոքր չափով զիջելով 2013 թուականի ցուցանիշին, իսկ թռիչք-վայրէջքներուն քանակը աւելցած է 18.4 տոկոսով եւ կազմած 10,553:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.