ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան համաձայն՝ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Վենետիկի հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու, հիւպատոսական անձնակազմերու, ինչպէս նաեւ հայ եւ հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Արմին Թ. Վեկներ. Արդարութիւն հայերու եւ հրեաներու համար» խորագիրը, Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան եւ Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպած էին Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանը եւ Միլանի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութիւնը՝ համագործակցութեամբ գերմանական «Marbach» գրական արխիւային կեդրոնին, Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, Վենետիկի հրէական համայնքին ու Իտալիոյ հայերու միութեան:
Բացման արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, «Մարչիանա» ազգային գրադարանի տնօրէն Մաուրիցիօ Մեսինան եւ Միլանի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Փիեթրօ Քուչուկեան:
Միջոցառումը լայնօրէն լուսաբանուած է տեղական զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ: Նշենք, որ Վենետիկի սոյն ցուցահանդէսը մեկնարկն էր Իտալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.