
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Յունուար 17ին, «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» սրահին մէջ, Պըրպենք, տեղի պիտի ունենայ միօրեայ գիտաժողով՝ նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի հայ կանանց համախմբումին, որուն մաս կը կազմեն 13 հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Գիտաժողովին արձանագրութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։30ին, իսկ քննարկումները պիտի սկսին ժամը 10ին, շարունակուելով մինչեւ կ.ե. ժամը 3։
Քննարկումները պիտի կեդրոնանան հայ կնոջ գոյատեւման պայքարին եւ այս օրերու կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ գալիք մարտահրաւէրներուն եւ հայապահպանման գործընթացին վրայ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ցուցահանդէս եւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։
«Ուուտպըրի» համալսարանի հասցէն է՝ 7500 Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504։