Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու քայլերգներով, որոնց յաջորդեց Մարաշի հայրենակցական միութեան քայլերգը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «Գերմանիկ» կեդրոնը կը պատկանի ոչ միայն մարաշցիներուն, այլեւ բոլոր լիբանանահայերուն, որոնց մասնակցութիւնը սոյն հանդիսաւոր բացման պատիւ է վարչութեան:
Ելոյթ ունեցաւ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Ժան Մոմճեան: Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս 2012 թուականին որոշում տրուեցաւ վերանորոգութեան ենթարկել կեդրոնը եւ զայն օժտել արդիական սրահով մը, որ պիտի բաւարարէ եւ գոհացնէ միութեան եւ համամիութենական գործունէութիւնները: Ան նկատել տուաւ, որ նիւթական մեծ զոհողութիւն պահանջող ծրագիրը վարչութիւնը յաջողութեամբ աւարտին հասցուցած է՝ առանց վնասելու միութեան բարոյական դիմագիծին: Հսկայ ծրագիրի գործադրման հետ մէկտեղ միութիւնը ոչ մէկը զրկած է կրթական նպաստէն եւ միշտ հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան: Ան ըսաւ, որ «Գերմանիկ» կեդրոնը տունն է բոլոր հայրենակցական միութիւններուն: Գեղեցիկ շէնք մը ունենալու մարմաջով չէ, որ յանձն առած են նորոգութիւնը, այլ ժամանակի մաշումի ենթարկուած շէնքը կայունացնելու եւ արդիական պայմաններով օժտուած սրահ մը ունենալու նպատակով ձեռնարկած են աշխատանքին: Մոմճեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչական իր ընկերներուն եւ մանաւանդ ճարտարապետ Վազգէն Նուրբեթլեանին, որ հսկած էր նորոգութեան բոլոր աշխատանքներուն:
Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը պատմէր Լիբանանի մէջ Մարաշի հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան, ինքնահաստատման առաջին քայլերուն, բեղուն գործունէութեան ու վաստակին մասին:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ Մարաշի հայրենակցական միութեան այս ծրագիրը պիտի պատկանի ապագային, ապա շարունակեց ըսելով, որ յոյս ներշնչող այս միութիւնը երկար տարիներ գնահատուած է բոլորէն եւ փաստած, որ ինք յաջողած է իր առաքելութեան մէջ: Ան շեշտեց այն գաղափարը, որ ազգ մը կայուն ու հզօր կ՛ըլլայ, եթէ իր միաւորները կայուն ըլլան: Հայ ազգը կազմող միաւորներուն մէջ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը կայուն օղակ մը կը հանդիսանայ: Որպէսզի իրարմով առաւել հզօրանանք ու բարգաւաճինք՝ բոլոր միաւորներն ալ պէտք է վերակազմակերպուին նոր տեսլականով, նոր զգեստով: Ան ըսաւ, որ իմաստուն քայլերով, հոգիով ու հաւատքով, ինքնանուէր աշխատանք մը կատարելագործեց Մարաշի հայրենակցական միութիւնը: Ապա վեր. Հայտոսթեան աւարտեց խօսքը՝ մէջբերելով իր հօր խօսքը Մարաշի աղէտին առիթով գրուած. «Մենք ակնկալեցինք, որ ուրիշները մեզի տէր ըլլան, բայց սորվեցանք մենք մեր տէրը ըլլալ»:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առաջին օրերուն «մեր տուներուն» վերանորոգութեամբ կատարած կ՛ըլլանք արդար աշխատանք մը, որ գերակայուած կ՛ըլլայ հայրենաբաղձութեան քաղցր զգացումով, որովհետեւ հաւաքական տուները մեր հոգեւոր հայրենիքներն են, ուր կը խմբուինք, մեր ինքնութիւնը կ՛ապրինք, մեր հաւաքականութեան շունչը կ՛երկարենք ու մանաւանդ կեանք կը պարգեւենք: Առաջնորդ սրբազանը շարունակեց իր խօսքը նշելով, որ 100ամեակի ձեռնարկներու շղթային մէջ «Գերմանիկ» կեդրոնը յաղթական մուտք գործեց: Միացեալ ճիգերով իրագործուած այս յաղթանակը լաւագոյն ձեւով կ՛արտայայտէ վերապրումի կամքը: Սրբազանը իր հայրական մաղթանքները եւ օրհնութիւնը տուաւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած են այս ծրագիրին իրականացման: Առաջնորդ սրբազանը փակեց իր խօսքը ըսելով. «Ամէն տեղ է Մարաշի հայրենակցական միութիւնը. անիկա հայրենակցական միութիւններուն մէջ կազմակերպուած լաւագոյն պատկերը կը ներկայացնէ մեր հասարակութեան մէջ: Մեր ժողովուրդը պատասխանատուութիւնը ունի իր կեանքը, տունը, հաւաքական տունը վերանորոգելու եւ լաւագոյն պայմանները ստեղծելու: Ամէն սերունդ բան մը պէտք է յատկացնէ մեր հաւաքական կեանքին՝ ի պայծառութիւն յաւերժական հայութեան ու հայրենիքին»:
Աւարտին բոլորը հրաւիրուեցան ճաշակելու պատրաստուած հիւրասիրութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.