
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 12 Յունուարին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր սպանդը գործած ըլլալու յանցանքով հիմնական կասկածելին արդէն ձերբակալուած է հայ–թրքական սահմանին մօտ՝ Բայանդուր եւ Երազգաւորս գիւղերու հատուածին մէջ, եւ աւելի ուշ խոստովանած է, որ ինք գործած է այդ սարսափելի սպանութիւնը։
12-13 Յունուար լուսցող գիշերը Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ ռուս սահմանապահները յայտնաբերած են Գիւմրիի սպանդին գծով կասկածելի եւ հետապնդուող Վալերի Պերմեաքովը: Ռուսական կողմը իսկոյն բանաւոր կերպով հայ իրաւապահները տեղեկացուցած է անոր յայտնաբերման եւ ռուսական ռազմակայան անոր փոխադրութեան մասին։
Գիւմրի կը գտնուէր նաեւ Մոսկուայէն այս առիթով ժամանած յատուկ յանձնաժողովը՝ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարին գլխաւորութեամբ: Ան տեսակցած էր նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ, որ լրագրողներուն հետ զրուցելով՝ ըսած է. «Այսօր տեղին չէ սա քաղաքականացնել, եւ տեղին չէ՝ սրա մէջ փնտռել մեր յարաբերութիւնների մէջ ինչ-որ վատթարացում, որովհետեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ մենք բաւականին բարձր մակարդակի՝ քաղաքական մակարդակի, յարաբերութիւններ ունենք, քաղաքական երկխօսութիւն ունենք, մանաւանդ որ չափազանց բարձր մակարդակի վրայ է գտնւում մեր ռազմական համագործակցութիւնը»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դէպքերուն մէջ հրամանատարական կազմը յանցանք կամ թերացում ունի՞՝ Օհանեան նշած է, որ տակաւին մանրամասնութիւններու բացայայտում կը կատարուի։ «Եկէք առանց քննութեան որեւէ տեսակէտ չարտայայտենք: Կարծում եմ, որ իւրաքանչիւր այսպիսի դէպքերի շրջանակներում մեղաւորների շրջանակ լինում է՝ անհատը, նրա շրջապատը, կոլեկտիւը, որտեղ որ այդպիսի բան է ձեւաւորուել, անմիջական այն ղեկավարներն, ովքեր աշխատել են տուեալ զինծառայողի հետ: Քրէական ողջ գործընթացն այդ ամէնը կը պարզի», ըսած է նախարարը:
13 Յունուարին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական 102րդ ռազմակայանի ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Պերմեաքով ընդունած է իր կատարած յանցանքը։ «Վալերի Պերմեաքովը խոստովանական ցուցմունք է տուել: Նա պատճառաբանել է, որ, նախնական, իբր քաղաքում է ցանկացել ման գալ, յետոյ պատահական այդ տունն է մտել՝ առանց իմանալու ներսում մարդիկ կան, թէ՝ ո»չ, յայտնած է Պօղոսեան:
Վեց մարդու դաժան սպանութեամբ մեղադրուող ռուս զինուորականը կը գտնուի ռուսական 102րդ ռազմակայանին մէջ, հայ ու ռուս իրաւապահները տակաւին կը քննարկեն քրէական գործը հայկական կողմին յանձնելու հարցը:
Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ կասկածեալը կը գտնուի ռուսական կողմին մօտ եւ արդեօք պիտի յանձնուի՞ հայկական կողմին ու ե՞րբ՝ Հայաստանի փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան ըսած է. «Իրենք գտնում են նպատակայարմար գործը փոխանցել հայկական կողմին, այս պահին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազութիւնների եւ գլխաւոր դատախազների միջեւ այդ խնդիրն ու հարցերն են լուծւում»:
Ան նշած է, որ դէպքին առիթով ռուսական կողմը եւս քրէական գործ յարուցած է՝ դասալքութիւն եւ սպանութիւն յանցանքներով, հաւանաբար կ՛աւելնայ նաեւ երրորդ յօդուածը՝ սահմանը հատելու փորձ:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս կը կատարուին քննչական գործողութիւնները, եւ արդեօք ռուսական պատուիրակութեան ժամանումն ու ռուսական զօրամասին մէջ Պերմեաքովի գտնուելը չի՞ խոչընդոտեր առարկայական քննութիւնը՝ Յունան Պօղոսեան ըսած է. «Բացարձակապես, նրանք եկել են միայն օբյեկտիւութիւն ապահովելու համար, նաեւ, ինչու չէ, պատժելու բոլոր նրանց, ովքեր ունեն մեղքի իրենց բաժինը»:
Արդէն իսկ Գիւմրիի մէջ շրջան կ՛ընէ լուր մը, որուն համաձայն, Պերմեաքովի յայտնաբերման գործողութիւնը միտումնաւոր կերպով յետաձգուած է, որպէսզի ան, ի վերջոյ, յայտնուի ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ եւ անոնց կողմէ ձերբակալուի. այս դիտարկման պատասխանելով՝ փոխոստիկանապետը ըսած է. «Ո՛չ: Ինֆորմացիայի փոխանակման, համակարգման, ձեռքբերման լուրջ աշխատանքներ են կատարուել՝ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, դատախազութիւն, քննչական կոմիտէ: Աշխատել ենք շատ համակարգուած, տեսել ենք անկեղծ շահագրգռուածութիւնը նաեւ մեր ռուս գործընկերների կողմից»:
Այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը, որ նշած է, թէ Վալերի Պերմեաքովը Հայաստանի իրաւապահներուն հարցը չի քննարկուիր։
«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր դատախազութիւնները քննարկել են Գիւմրիում նախօրէին տեղի ունեցած սպանութեան գործի մանրամասները: Երկուստեք ընդգծուել է, որ տեղի ունեցած ողբերգութեան բոլոր մեղաւորները պէտք է պատժուեն օրէնքի ողջ խստութեամբ։ Յանցագործութեան կատարման մէջ կասկածուող Վալերի Պաւելի Պերմեակովը Ռուսաստանի քաղաքացի է եւ գտնւում է Ռուսաստանի իրաւապահների հսկողութեան՝ նոյնն է՝ Ռուսաստանի իրաւազօրութեան ներքոյ: Հետեւաբար Վ. Պերմեակովին Հայաստանի իրաւապահներին յանձնելու հարց չի քննարկւում, նկատի ունենալով Ռուսաստանի սահմանադրութեան 61րդ յօդուածի 1ին կէտում ամրագրուած արգելքը, համաձայն որի, Ռուսաստանի քաղաքացին չի կարող յանձնուել այլ պետութեան: Համանման արգելք է սահմանուած նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան 30.1 յօդուածի դրոյթներով, որի գործողութեան պայմաններում Հայաստանի որեւէ քաղաքացի երբեւէ չի յանձնուել այլ պետութեան:
Քննութիւնը վարում են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իրաւապահ մարմինները: Քննութիւնն իրականացուելու է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իրաւապահ մարմիների ակտիւ իրաւական փոխգործակցութեամբ: Հայկական կողմը հետեւողական է լինելու, որպէսզի բոլոր մեղաւորները օրէնքով սահմանուած կարգով ենթարկուեն պատասխանատուութեան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: