ԵՐՈՒԱՆԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ՝ ԱՌԱæԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Ի. դարու ցեղասպանութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունուար 9ին, Տեսինի Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնին մէջ (CNMA), կը զգենուր յատուկ բնոյթ, Փարիզի մէջ գործուած արիւնալի ոճրափորձէն երեք օր ետք: Այս առթիւ, խնդրուած էր ոստիկանական յատուկ հսկողութիւն, քանի որ թեման կրնար շարժման մղել ժխտող շրջանակներ: Ցուցահանդէսը կը համախմբէ դաստիարակիչ քսան վահանակներ, որոնք յղացուած են մասնագէտ Իվ Թերնոնի եւ իրագործուած՝ Շօայի զոհերու յուշակեդրոնին կողմէ: Նշեալ կառոյցին տնօրէնը՝ Ժագ Ֆրէճ, չկրցաւ ներկայ գտնուիլ օրուան հրամայականներուն պատճառաւ: CNMA-ի տնօրէնուհին՝ Քաթիա Պուտոյեան մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու հրաւիրեց Փարիզի մէջ սպաննուած լրագրողներու յիշատակը, ապա յայտարարեց. «Այս ցուցահանդէսին համեմատական բնոյթ տրուեցաւ նաեւ ցեղասպանական գործընթացին ուսումնասիրութեան եւ վտանգներու աճի ըմբռնումի կարեւորութեան ընդգծումով, կանխարգիլելու համար աղէտները եւ ցեղասպանութիւնները: Այս հաւաքը հոս կը վկայէ պայքարը անարդարութեան, ժխտողականութեան եւ ոճրագործ խումբերու կամ պետութիւններու դէմ, որոնք կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ»:
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝
ԿԻ ՖԻՇԵՐԻՆ
CNMA-ի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեան յիշեցուց ցեղասպանութիւն եւ կոտորած եզրերու փիլիսոփայական երանգային տարբերութիւնները, բացատրելով, թէ մինչ առաջինին պարագային հետեւանքները անշրջելի են, երկրորդին՝ կարելի է վերակառուցումը: Ան աւարտեց իր խօսքը հաւաստելով, որ Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնը Հարիւրամեակին ընդառաջ ունի ստեղծագործական նախագիծ մը, որ թոյլ կու տայ խուսափիլ կեթթոյացումէ: Մէզիէոյի ծերակուտական-քաղաքապետ Միշէլ Ֆորիսիէ ոգեկոչեց ցեղասպանութեան վերապրածներու առնչուող իր յուշերը, երբ ան հայոց մօտիկ էր Տեսինի մէջ եւ յարգանքի տուրք մատուցանեց վերջերս մահացած իր ընկերոջ՝ Կի Ֆիշերին, որ եղած էր Հայ Դատը Ծերակոյտէն ներս առաջին պաշտպանողներէն:
Լիոնի քաղաքապետի առաջին կցորդ՝ Ժորժ Քէփէնէկեան անդրադարձաւ «Շարլի Հեպտօ»ի խմբագրական կազմի սպանդը դատապարտելու համար Լիոնի մէջ կազմակերպուած համաժողովրդական հաւաքին եւ ընդգծեց ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդներու իրարու մերձեցման եւ CNMA-ի ոգիով աշխատելու առաւելութիւնները:
ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԱԿՆԱՐԿ
ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ
Մեծ թիւով ներկաները տեղեկացան, թէ անցեալ դարու զանգուածային առաջին սպանութիւններու զոհերը եղած են, 1904էն 1908, հերերօները եւ նամաները, որոնք Հարաւային Ափրիկէի մէջ՝ ներկայի Նամիպիոյ ժողովուրդներ էին: Անոնք բնաջնջուած են, որովհետեւ կը մերժէին լքել իրենց հողերը, որոնց աչք տնկած էին գերմանացի ագարակապաններ: Այս կոտորածներուն սպաննուած են 75,000 հոգի, այլ խօսքով՝ հերերօներու 80 տոկոսը եւ նամաներու 50 տոկոսը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը նշուած է երեք վահանակներու վրայ. նոյնքան վահանակներ նուիրուած են հութուներու կողմէ թութսիներու ցեղասպանութեան, մինչ 7 վահանակներ յատկացուած են Հոլոքոսթին: 1933էն սկսեալ, գերմանացի տարրին «զտման» նպատակով սինթիսներու եւ ռոմերու բնաջնջումը ներկայացուած է այլ վահանակի մը վրայ: Այդ բնաջնջումով անհետացուած է գնչուներու այդ երկու ցեղերուն 80 տոկոսը: Զանգուածային սպանութիւններու այլ թեմաներ եւս արծարծուած են, ինչպէս 1949էն 1952՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ եւ 1956ին՝ Եգիպտոսի հրեաներու զանգուածային սպանութիւնները, Փոքր Ասիոյ յոյներու, Իրաքի քիւրտերու, ինչպէս նաեւ սերպերու կողմէ մահմետական պոսնիացիներու, ծագումով ալպանացի եւ մակեդոնիացի քոսովոցիներու ջարդերը 1991-1999 տարիներուն։ Նաեւ, 1919ին՝ Պոլսոյ, 1945ին՝ Նիւրնպերկի, 1994ին՝ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած դատավարութիւնները կը ջրեն մինչեւ օրս շարունակուող ժխտողական արտայայտութիւնները:
Բաւական համապարփակ ակնարկ մըն է թեմային, բացի ակնյայտ երկու բացակայութիւններէ՝ 1967 Մայիսին եւ 1970 Յունուարին Պիաֆրայի իպօ ցեղի բնաջնջումէն Նիժերիոյ կողմէ կազմակերպուած սովով, ինչպէս նաեւ գամպոճցիներու ցեղասպանութենէն՝ զօր. Փոլ Փոթի Կարմիր խմերներուն կողմէ՝ 1975էն 1979, որոնք հազիւ թէ յիշատակուած են:
Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան դիմաց մինչեւ 2015 Փետրուար 28, Չորեքշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, 32 rue du 24 avril 1915, Decines հասցէին: