ԵԱՈՒԸՆՏԷ, Քամերուն, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Յունուար 13ին, Նիճերիոյ իշխանութեանց կողմէ հաղորդուցեաւ, թէ իսլամ ծայրայեղականներու «Պոքօ Հարամ» կազմակերպութեան զինեալները առնուազն 150 քաղաքայիններ սպաննած են իրենց կողմէ անցեալ շաբաթ գրաւուած Պակա քաղաքին մէջ։ Սակայն, տեղական տարբեր աղբիւրներու համաձայն՝ «հարիւրաւոր» ու մինչեւ իսկ 2000 քաղաքայիններ սպաննուած են Պակայի մէջ։
Նոյն օրը հաղորդուցեաւ, որ Քամերունի բանակը յաջողած է ետ մղել «Պոքօ Հարամ» զինեալներու մէկ յարձակումը՝ Քամերունի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող բանակային դիրքի մը վրայ, սպաննելով աւելի քան հարիւր զինեալներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.