
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեքշաբթի, Յունուար 13ին հաղորդուեցաւ, որ Քիմ Քարտաշեան իր քոյրերուն հետ, յառաջիկայ Ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ։ Ըստ «EOnline» կայքին՝ Քիմն ու անոր քոյրերը՝ Քլօուին եւ Քորթնին, առաջին անգամ ըլլալով կը պատրաստուին այցելելու իրենց հայրենիքը: Քոյրերը նաեւ իրենց երեխաները պիտի տանին Հայաստան, սակայն ցարդ յայտնի չէ, թէ Քիմի ամուսինը՝ Քանիէ Ուեթ, պիտի ընկերանա՞յ անոնց, թէ ոչ:
«Քիմը միշտ երազած է Հայաստան երթալու մասին։ Հոն են անոր արմատները», յայտնած է աղբիւրը։
Յայտնի չէ նաեւ, թէ արդեօք Քիմի այցը կապուա՞ծ է Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ, թէ ոչ:
«Հայկական արմատներս մեծ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն ունին ինծի համար», «Քոզմոփոլիթըն»ին տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսած էր Քիմ, որ անցեալին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչեր կատարած է:
Այս ի՜նչ ճակատագրական լուր…