ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ երիտասարդներուն աշխատանքային հիմնախնդիրները բացայայտելու նպատակով կատարուած է հարցախոյզ, որուն համաձայն, Հայաստանի մէջ երիտասարդներուն միայն 28 տոկոսը աշխատանք ունի: Դրամական կամ ոչ դրամական եկամուտ բերող գործունէութիւն չունի հարցախոյզի մասնակիցներուն 72 տոկոսը: Այս խումբին 24 տոկոսը կը գտնուի ուսումնական գործընթացին մէջ, 48 տոկոսը աշխատանք չունի, ոչ ալ ուսման կը հետեւի, ուստի այս խումբին պատկանողները անգործ երիտասարդներն են, բայց անգործներուն կարգին չեն նկատուիր, որովհետեւ հարցախոյզի կայացման հանգրուանին անոնք աշխատանք չէին փնտռած. Հայաստանի պետական սահմանման համաձայն՝ «գործազուրկ են այն երիտասարդները, ովքեր չունեն աշխատանք, չեն գտնւում ուսումնական գործընթացում եւ փնտռում են աշխատանք»: Այդ կարգավիճակին մէջ է հարցախոյզին մասնակցողներուն 20 տոկոսը:
Հարցախոյզին համաձայն՝ 16-20 տարիքային խումբին մէջ աշխատանք ունի մասնակիցներուն 16 տոկոսը, 21-25 խումբին մէջ՝ 33 տոկոսը, իսկ 26-30 տարեկաններուն մէջ՝ 34 տոկոսը: Ասիկա կը նշանակէ, որ աշխատանք ունեցող երիտասարդներուն թիւը կ՛աւելնայ տարիքային աճին զուգահեռ: Աշխատանք ունի երեւանաբնակ երիտասարդներուն 32 տոկոսը, իսկ մարզաբնակներուն՝ 26 տոկոսը: Հաշուի առնուած է այն, որ մարզաբնակ աշխատանք ունեցող երիտասարդներուն մօտ 19 տոկոսը կը գործէ սեփական հողատարածքի մշակմամբ եւ որպէս վարձատրութիւն կրնայ ստանալ բնամթերք:
Գիւղատնտեսութեան կը յաջորդէ առեւտուրի ոլորտը, որուն մէջ ներգրաւուած է հարցախոյզին մասնակիցներուն 14 տոկոսը, 11 տոկոսը՝ պետական մարմիններուն մէջ կ՛աշխատի, 9 տոկոսը՝ կրթութեան, գիտութեան, 7 տոկոսը՝ առողջապահութեան, 7 տոկոսը՝ արուեստի, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, 6 տոկոսը՝ զինուորական կառոյցներու, 5ա-կան տոկոս ծառայութիւններու, շինարարութեան, սպասարկման, ֆինանսական ոլորտներուն մէջ։ Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 3 տոկոսը կ՛աշխատի տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ Աշխատանք ունեցող երիտասարդներուն 20 տոկոսը չգրանցուած, 80 տոկոսը գրանցուած աշխատողներ են: Գործազուրկ երիտասարդներուն 28 տոկոսը արական, 72 տոկոսը իգական սեռի են: Մասնակիցներուն 31 տոկոսը մօտիկ ապագային կը պատրաստուի հեռանալ Հայաստանէն՝ աշխատելու նպատակով: Արտերկիր մեկնիլ ուզողներուն 39 տոկոսը իգական, 61 տոկոսը արական սեռի են:
Հարցախոյզին մասնակցած են 16-30 տարեկան 1578 երիտասարդներ՝ 41 տոկոսը արական, 59 տոկոս իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ կան նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող 370 երիտասարդներ: Անոնց 481ը երեւանաբնակ են, 1097ը՝ մարզերէն: Հարցում ուղղելէ բացի կատարուած է նաեւ 20 փորձագիտական հարցազրոյց՝ գիտական, վարչական, ընկերային, քաղաքացիական եւ մարդկային պաշարներու կառավարման ոլորտներու փորձագէտներու հետ, 57 հարցազրոյց առանցքային տեղեկատուներու հետ (աշխատանքային պետական ծառայութեան կեդրոններ, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, երիտասարդութեան հիմնախնդիրներով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ այլն), ինչպէս նաեւ 101 խորքային հարցազրոյց գործատէրերու հետ: «Հայաստանի երիտասարդների զբաղուածութեան հիմնախնդիրները» հարցախոյզը կատարած է «Երիտասարդական միջոցառումների իրականացման կենտրոն»ի կազմին մէջ գործող «Երիտասարդական ուսումնասիրութիւնների ինստիտուտ»ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.