ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Յունուարին՝ ժամը 16:00ի շուրջ, պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային վէրք ստացած է զինուորական ծառայող, 1992ի ծնունդ Միսակ Արմէնի Յակոբեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ միջադէպին մանրամասնութիւնները տակաւին կը ճշդուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.