
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի ճատրակի ակադեմիոյ մէջ 8 Յունուարին մեկնարկած է նախկին վարչապետ, պետական գործիչ Անդրանիկ Մարգարեանին նուիրուած յոբելենական 5րդ յուշամրցաշարքը: Մասնակիցներուն թիւը մրցանշային է՝ շուրջ 780:
Մրցաշարքը կ՛ընթանայ մինչեւ 18 տարեկան տարիքային տարբեր խումբերու երեխաներու եւ պատանիներու միջեւ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի տարբեր մարզերը, Արցախը, ինչպէս նաեւ Ռուսիան։
Ճատրակի վարպետ Սմբատ Լպուտեան նշած է, որ մասնակիցներուն թիւը այնքան մեծ է, որ զանոնք տեղաւորելու խնդիր կար:
Յուշամրցաշարքը պիտի աւարտի 16 Յունուարին: Մինչ այդ, մասնակիցները ամէն օր մէկական խաղ պիտի ունենան՝ հաւաքելով միաւորներ: