Ֆրանսական ոստիկանութիւնը Հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ պաշարեց «Շարլի Հեպտօ» շաբաթաթերթին մէջ սպանդ գործելու հարցով կասկածեալները: Զինեալ մը Փարիզի մէջ հրէական ուտելիքներ վաճառող հանրախանութի մը մէջ պատանդներ բռնեցին։ Կը հաղորդուի, որ ան Հինգշաբթի օր Փարիզի մէջ ոստիկանուհի մը սպաննած զինեալն է։ Ֆրանսական ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ գերի ինկած չորս անձեր սպաննուած են։
Փարիզէն 35 քիլոմեթր հիւսիսարեւելք գտնուող Տամարթեն-ան-Կէօլի մէջ «Շարլի Հեպտօ»ի հարցով կասկածեալները եւս պատանդներ բռնեցին։ Իսլամական զինեալները դիրք բռնեցին փոքր տպագրատան մը մէջ եւ յայտարարեցին, որ պատրաստ են մեռնելու։
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազենէօվ հաստատեց, որ զինեալները Ուրբաթ օրէն ի վեր փնտռուած զինեալներն են եւ «պիտի վնասազերծուին»։
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներու յայտնեց, որ երկու եղբայրներէն մէկը՝ Սաաիտ Քուաշին «քանի մը ամիս» Եմէնի մէջ Քայիտայի մէկ ճամբարին մէջ մարզուած է։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սաաիտ եւ իր փոքր եղբայրը՝ դատապարտեալ ահաբեկիչ Շերիֆ Քուաշի, յարձակումէն առաջ դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչք կատարելէ արգիլուած անձերու ցանկին վրայ էին։
Կը հաղորդուի, որ «Շարլի Հեպտօ»ի դէմ յարձակում կատարողները բացագանչած են՝ «մենք Եմէնի Քայիտան ենք»։
Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը երկու վայրերն ալ ներխուժեց՝ սպաննելով պատանդներ բռնած զինեալները։ Ըստ տեղեկութեանց՝ ոստիկանութեան ներխուժումէն առաջ չորս պատանդներ սպաննուած են։ Չորս այլ պատանդներ գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցան, սակայն 15 ուրիշներ փրկուած են։
Կը կարծուի, որ հրէական հանրախանութին մէջ գտնուող զինեալը «Շարլի Հեպտօ»ի դէպքին առնչակից երկու եղբայրներուն հետ կապ ունի։
Գործողութեան ընթացքին երկու ոստիկաններ վիրաւորուած են։
Ֆրանսայի իսլամական գլխաւոր համադաշնակցութիւնները ֆրանսական 2300 մզկիթներու իմամներուն կոչ ուղղեցին՝ «առաւելագոյն խստութեամբ դատապարտելու բռնարարքը եւ ահաբեկչութիւնը»։
Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտարարեց, որ Ֆրանսա ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէջ է, եւ ոչ թէ որեւէ կրօնի կամ քաղաքակրթութեան՝ նշելով. «Այս սպառնալիքը դիմակայելու համար անկասկած նոր միջոցառումներ հարկ պիտի ըլլան»։
Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան «Ժողովրդային ճակատ» կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կոչ ուղղեց՝ Շենկեն մուտքի արտօնագիրները սառեցնելու։
Նախագահ Հոլանտ յայտնեց, որ Ֆրանսա «Շարլի Հեպտօ» պարբերաթերթին դէմ յարձակումին պատճառով ցնցումի ենթարկուած է եւ կը գիտակցի, որ վտանգին դիմակայելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուին։ «Երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը դիմակայելու համար մենք որոշեցինք յաւելեալ ուժեր օգտագործել», նշեց ան։ Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղեց ֆրանսացիներուն՝ միասնական եւ մնայուն կերպով պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու։ Ան աւելցուց, որ ինք եւ վարչապետը արդէն իսկ ապահովական անհրաժեշտ միջոցներուն դիմած են, սակայն պէտք է զգոյշ ըլլալ։ «Միասնական ըլլալը կը դրսեւորէ մեր կամքը՝ դիմակայելու մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները», յայտնեց նախագահը՝ դրուատելով ապահովական ուժերը՝ ահաբեկիչները հակակշիռի տակ առնելնուն համար։ Ան հաստատեց, որ այս ահաբեկիչները ոչ մէկ կապ ունին կրօնքին հետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.