ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 2 Յունուարէն արդէն Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ Հայաստանի մէջ հաւանական է, որ չգործեն նորաստեղծ միութեան մաքսային կարգաւորումները:
«Հայաստանի արտահանողների միութեան» նախագահ Րաֆֆի Մխջեանի տուեալներով՝ Դեկտեմբերի աւարտին ելեւմուտքի նախարարութեան քանի մը պաշտօնեաներ մաքսային միջնորդներու համար խորհրդակցութիւն կայացուցած են ու տեղեկացուցած, որ փոփոխուած կարգաւորումները տակաւին պիտի չգործեն, եւ աշխատանքը պիտի շարունակուի այնպէս, ինչպէս նախապէս: Արտահանողներու միութեան նախագահը ըսած է, որ այս մասին իրեն փոխանցած է խորհրդակցութեան ներկաներէն մէկը: Այս մասին գրած է «Ազատութեան» թղթակից Յովհաննէս Մովսիսեան։
«Փաստօրէն, եթէ դա իրականութիւն է, դա նշանակում է, որ դէ ֆակտօ մենք ԵՏՄի առաջարկած կամ ստորագրուած պայմանները չենք կատարում», դիտել տուած է Մխջեան:
Ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ նման խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է 30 Դեկտեմբերին՝ նպատակ ունենալով մաքսային ընթացակարգերու փոփոխութիւններու իրազեկումը: «Կը փոփոխուի՞ արդեօք Մաքսային օրէնսգիրքը, թէ գործարարները կ՛աշխատեն հին օրէնսգրքով, ֆինանսների նախարարութիւնից պարզել չյաջողուեց, գերատեսչութիւնը արձակուրդում է: Նոր օրէնսգրքի գործարկման մասին տեղեկատուութիւն նախարարութեան կայքէջում չկայ», գրած է «Ազատութեան» թղթակիցը։
Երկուշաբթի օրէն սկսեալ մաքսատուները պիտի սկսին սովորական դրութեամբ աշխատիլ, մինչդեռ գործարարներուն համար դեռ յստակ չէ, թէ ո՞ր օրէնսգիրքով մաքսահաւաքում պիտի կատարեն:
Տնտեսագէտ Վահագն Խաչատրեանի համար տարօրինակ է, թէ պետական կառոյցները ինչո՛ւ այսքան երկարատեւ արձակուրդի մէջ են նման կարեւոր հանգրուանի մը։
«Ոչ ոք մինչեւ վերջ չի պատկերացնում, թէ ինչպէս է դա տեղի ունենում: Սա ուղղակի խօսում է այն մասին, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները ամենայն լրջութեամբ չեն վերաբերել այս գործընթացին: Հակառակ դէպքում ցանկացած իրեն յարգող երկիր իր տնտեսվարողներին շատ աւելի լուրջ կը վերաբերէր», դիտել տուած է տնտեսագէտը:
Նախորդ տարուան ընթացքին ելեւմուտքի նախարարութիւնը նոր օրէնսգիրքը գործարարներուն ներկայացնելու համար քանի մը խորհրդակցութիւններ կազմակերպած էր, մինչդեռ գործարարները «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած էին, որ բազմաթիւ անպատասխան հարցեր ունին տակաւին: Րաֆֆի Մխջեանի համաձայն՝ ամէն ինչ կը բացատրուի տեսականօրէն, բայց փորձառութիւնը միշտ ալ ցոյց տուած է, որ գործնականին մէջ ամէն ինչ տարբեր կ՛ըլլայ։ Մխջեանի համար, օրինակ, մինչեւ հիմա անհասկնալի է, թէ ինչ փաստաթուղթերով բեռերը Վրաստանով պիտի տեղափոխուին Եւրասիական միութեան անդամ Ռուսիա։
Հակառակ անոր որ տակաւին պաշտօնական հաստատումը չկայ, բայց, Մխջեանի համաձայն՝ վերջին խորհրդակցութեան ներկայ գտնուած Արարատեան մաքսատան մաքսաւոր Արմէն Պետրոսեան եւս յայտարարած է, որ հին դրոյքաչափերը պիտի գործեն 18 ամիս եւս:
«Թերեւս պատրաստ չէ Հայաստանի կառավարութիւնը… մէկ տարի է մենք աշխատում ենք այս ամէնի վրայ, օրէնքներ են փոփոխում, օրէնքներ են յարմարեցնում այդ ԵՏՄի համար, բայց փաստը մնում է փաստ, որ թերեւս չեն հասցրել, եւ դրա համար էլի ժամանակ է պահանջւում», ըսած է «Արտահանողների միութեան» նախագահը:
Տնտեսագէտ Վահագն Խաչատրեանը յայտնած է, որ ընդհանուր սահմանի բացակայութեան պատճառով որոշ մասնագէտներ համոզուած են, որ միութիւնը Հայաստանին օգուտ պիտի չբերէ: Խաչատրեանի տուեալներով՝ «կը բարձրանան միայն մաքսային դրոյքաչափերը, իսկ ընթացակարգը կը մնայ նոյնը»:
«Դրա մասին խօսել ենք միշտ, այդ թւում՝ ես: Մենք ասում ենք, որ ԵՏՄի անդամակցութիւնը աւելի շուտ քաղաքական քայլ է, քան տնտեսական», յայտնած է տնտեսագէտը. «Տնտեսական այն առաւելութիւնը, որի մասին խօսում ենք, հիմնականում վերաբերում էներգակիրներին եւ ադամանդի ներմուծման առաւելութիւններին, այլ հարցերով մեզ առաւելութիւն չի տալիս ԵՏՄն»:
Այս օրերուն Հայաստանի մաքսատուներուն մէջ մաքսազերծում չի կատարուիր։ Գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեան յայտնած է, որ երբ 12 Յունուարէն մաքսակէտերը սկսին սովորական դրութեամբ աշխատիլ, բազմաթիւ գործարարներ խնդիրներ պիտի ունենան, քանի որ պարզապէս տեղեակ չեն նոր օրէնսգիրքէն:
Մակարեանի կարծիքով՝ ճիշդ պիտի ըլլար նոր կարգը բացատրող գրքոյկներ տպագրել գործարարներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.