«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլ յայտնած է, որ Թուրքիա Ֆրանսայի պաշտօնապէս առաջարկած է համագործակցիլ «Շարլի Հեպտօ» շաբաթաթերթին դէմ տեղի ունեցած յարձակումի հետաքննութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնած որեւէ տեսակի պետական աջակցութիւն տրամադրելու։
Դեսպանը «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ին յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 7 Յունուարի ուշ գիշերին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին աջակցութեան վերոնշեալ պատգամը փոխանցած է։
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ին փոխանցած են, որ Ֆրանսա ողջունած է թրքական առաջարկը։ Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Անգարայի առաջարկը համապարփակ էր եւ կը ներառէր թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տեղեկահաւաքի միջոցներ։
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է, որ ճգնաժամի լուծման ձեւը պիտի որոշէ, եթէ ֆրանսական եւ եւրոպական հասարակութեան մէջ ճեղքեր պիտի յառաջանա՞ն, թէ ոչ՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւններ «պէտք չէ արտօնեն բեւեռացման առաջնորդող քաղաքականութիւններ»։
«Ահաբեկչութիւնը անարդարանալի է», ըսած է ան՝ նոյն ատեն ցաւ յայտնելով՝ «Եւրոպայի մէջ աճ արձանագրող իսլամատեացութեան եւ օտարատեացութեան» համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.