Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 4 Յունուարի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի հիմնադրութեան 95ամեակի հանդիսաւոր նշումը, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, հոգեւոր հայրերու եւ բազմաթիւ խաչուհիներու:
Օրուան հանդիսավարն էր Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան:
Բացման հայերէն խօսքով Անի Կարապետեան-Մուրատեան նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին ենք, Ցեղասպանութեան երկունքէն ծն-ունդ առած եւ ՀՕՄի հաստաբուն կաղնիէն ընձիւղած Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը քաջօրէն կը գիտակցի, թէ ամեակներու նշումը առիթ է միութեան անցեալն ու ներկան քննարկելով, նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար նոր լուծումներ որոնելու:
Արաբերէն բացման խօսքով Մարալ Գալայճեան-Սեմերճեան յայտնեց, թէ այսօր Հալէպի մէջ յուզումնախառն ապրումներով կը տօնենք միութեան 100ամեակը, որովհետեւ երկրի տագնապին հետեւանքով միութիւնը դիմագրաւեց բազում դժուարութիւններ, ունեցաւ կորուստներ, նիւթական ահաւոր վնասներ, սակայն իւրաքանչիւր նահատակի ու կորուստի գօտեպնդուեցաւ վճռակամութեամբ եւ վերանորոգեց ժողովուրդին ծառայելու իր ուխտը, յատկապէս տագնապի ծանր օրերուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Քէշիշեան-Արսլանեան, մեներգելով «Կարմիր Վարդ»ն ու Սայաթ Նովայի երգերէն փունջ մը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կարօ Արսլանեանի:
Օրուան բանախօս Աւօ Գաթրճեան հակիրճ ակնարկ մը նետեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի հիմնադրութեան վրայ, սկսելով միութեան կազմաւորման սկզ-բնաղբիւրէն, հասնելով մինչեւ Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Սուրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու ծառայութեան կոչուած Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կազմաւորման եւ տարուէ տարի ծաւալող աշխատանքներուն:
Ան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ միութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները, շեշտելով, որ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը սոսկ որբախնամ, բարեսիրական միութիւն մը չեղաւ, այլ՝ դարձաւ հայատիպ օջախ մը:
Եզրափակելով բանախօսը ըսաւ, թէ ամէն գնահատանքէ վեր է ՍՕԽի ընկերուհիներուն կամաւոր նուիրումը, դիտել տալով, որ յատկապէս Սուրիոյ տագնապալի օրերուն, ան կրեց բազում դժուարութիւններ, կորուստներ, նուազեցաւ անդամուհիներու թիւը, սակայն միշտ պատնէշի վրայ մնաց, հասաւ անկարին, կարիքաւորին ու դարձաւ լոյսի անսպառ աղբիւր:
ՀՕՄի խօսքը ներկայացուց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զեփիւռ Է. Ռէիսեան, որ անդրադարձաւ ՀՕՄի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական տարողութեամբ նշման, գնահատեց ՍՕԽի աշխատանքը Սուրիոյ մակարդակով, թէ ՀՕՄի համընդհանուր ծրագիրներու ծիրէն ներս, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ՀՕՄի սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն, որոնք ի կատար ածուած են սուրիահայութեան ծանր բեռը մեղմացնելու նպատակով: Ռէիսեան նշեց, թէ ՀՕՄի ծրագիրները լուսարձակի տակ կ՛առնէ ոչ թէ քարոզչական նպատակով, այլ՝ պարզաբանելու տարուած աշխատանքին տարողութիւնը:
Ապա խօսք առաւ ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Աննա Տէր Յակոբեան եւ անդրադարձաւ ՍՕԽի 95ամեայ նպատակասլաց ծառայութեան, յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ խաչուհիներու տքնաջան աշխատանքով ու բարերարներու նիւթական ներդրումով քար առ քար կերտուած ՍՕԽի Հալէպի Ընկերաբժշկական կեդրոնն ու անոր յարկին տակ կատարուած բազմաբնոյթ աշխատանքները, յայտնելով, որ թէեւ կեդրոնը հրթիռակոծումներու հետեւանքով ամայացած ու կիսաքանդ է, անոր տարբեր սարքերը տեղափոխուած են ազգային տարբեր կառոյցներ, այնուամենայնիւ ՍՕԽի անդամուհիները, որպէս մայրեր եւ արիասիրտ հայուհիներ առանց ընկրկումի եւ յուսալքութեան կը շարունակեն իրենց աշխատանքները՝ հասնելու սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան բազում կարիքներուն:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ներկայացուց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ անդրադառնալով ՍՕԽի կեդրոնի քանդումին՝ շեշտեց, թէ գաղափարները քարով եւ քարեղէնով չեն պայմանաւորուիր, այլ՝ աշխատանքով եւ նուիրումով: Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց ՍՕԽի աշխատանքն ու շնորհաւորեց պարգեւատրուող խաչուհիները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.