Մշոյ դաշտի մէջ, Արածանի գետի աջափնեայ բազմաթիւ հայ գիւղերէն Կծուի հոգեւոր հովիւ տէր Մանուկի որդիները՝ Ղազար եւ Պիճօ ու իրենց ընտանիքները շատ շատերու նման անդարձ կորան Մեծ Եղեռնի օրերուն:
Այդ մեծ գերդաստանէն զոհուողներուն մէջն էր նաեւ Ղազարի դուստր Մենշէն (Մանուշ): Ապրեցան միայն Ղազարի-Մանուի (Մանուկի որդի Ղազարի) 13 եւ 17 տարեկան երկու որդիները: Ղազարի տղան, որ մեծ հօր՝ Մանօ անունը տրուած էր իրեն, փախաւ քիւրտ ընտանիքի մը մօտ, իսլամացաւ եւ առաւ Հիւսէյին անունը: Իսկ Ղազարի միւս որդին, որուն անունը դժբախտաբար յիշող չկայ, փոքր տարիքին ուսանելու համար ղրկուած էր Պոլիս՝ որբանոց մը, այդ պատճառաւ ալ փրկուած էր ստոյգ մահէ մը:
Գալով Մանօ-Հիւսէյինի, ամուսնացաւ քրտուհիի մը հետ: Անոր դուստրը Ռընտէն ալ նոյնպէս ամուսնացաւ: Այժմ Ռընտէի դուստրը՝ Սիւսլիւ կը փնտռէ իր մեծ հօր՝ Հիւսէյինին անունը անյայտ եղբօրը ընտանիքէն (եթէ կան) ապրողներ, Պոլիս կամ այլուր:
Մշոյ դաշտ Կծու գիւղացի տէր Մանուկի ծոռ՝ Սիւսլիւի մեծ հօր եղբօր եւ իր ընտանիքին անդամներուն մասին տեղեկութիւն ունեցողներ հաճին հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ 0532 611 86 44:
Արտասահմանեան թերթերէ կը խնդրուի արտատպել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.