ՖԻՆԻՔՍ, Արիզոնա.- Ֆինիքսի հայ գաղութի աւելի քան 150 անդամներ ներկայ եղած են քաղաքի Հայ կեդրոնին մէջ Դեկտեմբեր 5ին տեղի ունեցած իւրայատուկ ձեռնարկի մը, որուն նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել Ծիծեռնակաբերդի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանէն բերուած «Յաւերժական բոց»ին ու նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ոգեկոչելու համար։
1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակին կատարուած մոմավառութեան հսկումի արարողութեան ներկայ էին Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՄԸՄի եւ համայնքային այլ կազմակերպութեանց, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ։
«Մեզի համար պատիւ մըն էր մեր համայնքին մէջ «Յաւերժական բոց»ին հիւրընկալումը», յայտնած է ՀԵԴ Ֆինիքիսի «Գետաշէն» ուխտի ատենապետ Վահէ Լէփէճեան։ «Իբրեւ ՀԵԴի անդամներ, մեր պարտականութեանց մէկ մասը կը նկատենք ոչ միայն Ֆինիքիսի, այլ նաեւ աշխարհատարած հայութեան յառաջդիմութեան եւ հզօրացման ապահովումը», աւելցուցած է ան։
Երեւանէն ճամբայ ելած «Յաւերժական բոց»ը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջապտոյտէն ետք Պոսթըն եւ Քանատա ու աւարտին Արեւմտեան Հայաստան պիտի տարուի։
«Հաճելի էր ականտես ըլլալ մեր համայնքը ի մի բերած «Յաւերժական բոց»ին քաշողականութեան։ Պահը յուզումնախառն էր, սակայն միաժամանակ լեցուն՝ ապագայի նկատմամբ յոյսերով», յայտնած է Արիզոնայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Զարուկ Պալթաճեան։ «Ձեռնակը լուսարձակի տակ առաւ այն հրամայականը, թէ մեր ժողովուրդին խորհրդանշական կրակը վառ պահելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է», աւելցուցած է ան։
Արիզոնայի Հայ կեդրոնին հասցէն է՝ 13043 N. Cave Creek Road, Phoenix, AZ 85032, իսկ Արիզոնայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA Arizona Chapter) հետ կարելի է կապուիլ անոր «Ֆէյսպուք»ի կայքէջին միջոցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.