ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբեր 27ի առաւօտուն Ատրպէյճանի բանակը հաղորդագրութիւն մը տարածած է, ուր կ՛ըսուի, որ Աղդամի ուղղութեամբ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները անյաջող թափանցման գործողութիւն մէ քատարած են, որու հետեւանքով աատրպէյճանցիները գերի վերցուցա’ ենլ Պաշտպանութեան Բանակի զինուոր Արսէն Բաղդասարեանին:
Ավելի ուշ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի մամուլի ծառայութիւնը հերքած է հայկական կողմի թափանցման գործոչութեան մասին տեղեկութիւնը, սակայն նշած է, որ Արսէն Էդուարդի Բաղդասարեանը՝ «հանդիսանալով ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, պարբերաբար ինքնակամ լքել է իր մշտական տեղակայման վայրը, ինչի համար հրամանատարութեան որոշմամբ, կարգապահական խախտումներ կատարելու հիմնաւորումով, ժամանակաւորապես հեռացուած է եղել ծառայութիւնից»: