Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներու Գոհաբանութեան տօնին նուիրուած ճաշկերոյթ-հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Րաֆֆի» ճաշարանին մէջ, Նոյեմբեր 13ին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին։ Սոյն հաւաքոյթը կը վայելէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։
Հաւաքոյթին ներկայ էին Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, երէցկինը եւ պատուարժան հոգաբարձութեան անդամներ։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ Թերեզ Գնաճեան։
Ճաշկերոյթը բացուեցաւ սեղաններու օրհնութեամբ։ Առաջնորդը բացատրեց Գոհաբանութեան տօնին իմաստը՝ օրինակ առնելով այդ Կիրակի օրուան Աստուածաշունչի ընթերցումներէն՝ Աւետարան ըստ Ղուկասի, 12րդ գլուխ, 13-21 համարները, ուր Տէրը առակի օրինակով կը բացատրէր անմիտ մեծահարուստին աշխարհիկ հարստութիւնը հաւաքելու մարմաջը՝ փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալը։
Եղբայր Գրիգոր Մսրլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին. առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին՝ իր ներկայութեան համար։
Սրբազանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշատակեց Գոհաբանութեան տօնի իմաստը։ Ան անդրադարձաւ Գոհաբանութեան օրուան խորհուրդին եւ ըսաւ, թէ որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ, իսկապէս անհամար պատճառներ ունինք շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ ընծայած անպատում բարիքներուն ու օրհնութիւններուն համար։ Ուստի, եկէք միասնաբար երախտագէտ հոգիով եւ սիրտով շնորհակալութիւն յայտնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։ Նաեւ, առաջնորդը մեզի յիշեցուց Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մեր հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Ապա Գրիգոր Մսրլեան հրաւիրեց քոյր Սօսի Կապրիէլը, հանդիսավարելու համար օրուան հաւաքոյթը։ Սօսին առաջին հերթին հրաւիրեց քոյրեր Վիքի Թըրնըրը եւ Նուարդ Պալըքճեանը, որոնք իրենց գեղեցիկ ձայնով երգեցին «Քրիստոս Պատարագեալ» շարականը։ Եղբայրներ Սագօ Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան երգեցին ու նուագեցին գեղեցիկ հոգեւոր երգեր՝ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով բոլորիս համար։
Յաջորդիւ, քոյր Էմմա Նովշադեան եւ եղբայր Յարութ Մեսրոպեան կարդացին Պօղոս Առաքեալի ուղղած նամակը՝ Փիլիպեցւոց եկեղեցիին (գլուխ 4, համար 4-9)։ Առաքեալը կը թելադրէր անոնց «միշտ ուրախ ըլլալ Տիրոջմով, չմտահոգուիլ որեւէ բանով, այլ միշտ մեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրել այն, ինչի կարիքը կը զգանք»։
Քոյր Զուարթ Մէրմէրեան իւրայատուկ առոգանութեամբ կարդաց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը, որ միշտ նոր թարմութիւն, սէր եւ խոր յարգանք կը պարգեւէ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցիին։
Յաջորդիւ, եղբայր Յակոբ Տիգրանեան հայերէնով բացատրեց օրուան իմաստը՝ օրինակներ առնելով Հին Կտակարանի նահապետներէն Նոյէն, Հայր Աբրահամի շնորհակալութեան զոհ մատուցանելու արարքէն, Մովսէս Մարգարէի փառաբանութեան աղօթքէն, երբ Աստուծոյ հրաշքով ազատեց իսրայէալցի ժողովուրդը փարաւոնին ձեռքէն՝ ճեղքելով Կարմիր ծովը։ Ապա ան յիշեց Սաղմոսներու շարքը՝ գրուած Դաւիթ մարգարէի ձեռքով, զԱստուած փառաբանելու եւ յիշելու համար Իր բարիքները։
Եղբայրներ Սագօ Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան երգեցին ու նուագեցին «Միայն Քեզի նայիմ, ո՜վ Տէր»ը, «Քրիստոսի զինուոր եմ ես»ը, «Փառք Քեզ, ո՜վ Տէր»ը եւ «Սուրբ Խաչիդ տակ գտայ ապաստան»ը։
Դարձեալ Վիքի Թըրնըր եւ Նուարդ Պալըքճեան կարդացին 100րդ Սաղմոսը։ Դաւիթ թագաւոր կը հրահանգէ մեզի «ուրախութեամբ ծառայել Տիրոջ. Ան մեզ ստեղծեց եւ մենք Անոր հօտը եւ ժողովուրդն ենք։ Տէրը բարի է, Անոր սէրը յաւերժական է եւ բոլոր սերունդներուն կը ցուցաբերէ Իր հաւատարմութիւնը»։
Յաջորդիւ Մատլէն Թաթոյեան կարդած Համաստեղի աղօթամատեանէն հատուած մը։ Ապա Սարգիս Տէրվիշեան կարդաց Դանիէլ Վարուժանի «Ցանը» բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կը գովէ սերմնացանին աշխատանքը, երբ ցանուած սերմերը պիտի ծաղկին եւ ցորենի հասկեր պիտի կազմեն։
«Մշակ, ցանէ՜, յանուն Տիրոջ նշխարին,
Թող մատներէն յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ՛ հասուննայ մաս մ՛Յիսուսի մարմինէն»։
Քոյր Նայիրի Գոճապապեան անգլերէնով բացատրեց Գոհաբանութեան տօնի իմաստը՝ հիմք ունենալով Մովսէս Մարգարէին միջոցաւ Աստուծոյ տուած օրէնքները Իսրայէլի ժողովուրդին եւ «Պասէքի տօնը»՝ Եգիպտոսի գերութենէն ազատելու տօնը, ինչպէս նաեւ՝ իրենց բերքին առաջին արդիւնքը Աստուծոյ նուիրելու հրահանգը։
Քոյր Նայիրի ամբողջացուց իր պատգամը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի անմեղ արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն տուաւ եւ մեզի փրկութիւն շնորհեց։ Նաեւ ներկայացուց Նոր Ուխտի կնքումը մարդկութեան հետ եւ 105րդ Սաղմոսի 1-2 համարները.
Գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ
Բարձր հնչեցուցէք անոր անունը
Բոլոր ժողովուրդներուն ճանչցուցէք անոր մեծամեծ գործերը։
Երգեցէ՛ք անոր, ներեբող երգեցէք անոր,
Պատմեցէ՛ք անոր սքանչելի գործերը բոլոր։
Եղբայր Շանթ եւ Ցոլակ Չիլինկիրեան, նաեւ քոյրեր Շաքէ Սեդրակեան եւ Լուսաբեր Գապաքլեան, փոխն ի փոխ կարդացին 91րդ Սաղմոսը։ Դաւիթ մարգարէն կ՛ըսէ. «Ան, որ Բարձրեալին, Ամենակարողին պաշտպանութեան տակ կը մտնէ, անոր հովանիին տակ հանգիստ պիտի գտնէ»։
Հաւաքոյթի աւարտին, քոյր Սօսի շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան բոլոր մասնակիցներուն, նաեւ՝ Գրիգոր Մսրլեանին, որ յարատեւօրէն կը շարունակէ իր կամաւոր աշխատանքը՝ Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը հասցնելով թեմիս եկեղեցիներուն։
Յոտնկայս «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ այս գեղեցիկ հանդէսը՝ հոգեկան գոհունակութիւն պատճառելով բոլորիս։
Ներկաներուն կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները յանձնուեցան հոգաբարձութեան՝ ի նպաստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ պայծառութեան։
(Ներկայ մը)