ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Վերակառուցման գերմանական դրամատունը (KfW) պիտի աջակցի Արարատեան դաշտին մէջ արտեզեան ջուրերու տնտեսման հարցին: 22 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է բնապահպանութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեան: Ըստ անոր՝ դրամատան ղեկավարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացած է Հոկտեմբերին՝ Պերլինի մէջ:
ԿողմերՍէյրան Օհանեան Մասնակցած Է Ռուսական Պաշտպանական Կեդրոններու Ծանօթացմանը քննարկած են Հայաստանի մէջ արտեզեան հորերու ինքնեկ կառավարման ցանցերու տեղադրման հարցը: Այդուհանդերձ, ամողջ Արարատեան դաշտին համար համակարգը բաւական ծախսալի պիտի ըլլայ, քանի որ հորերը կը գործեն Արարատի եւ Արմաւիրի մարզերու աւելի քան 140 շրջաններու մէջ: «Մենք չգիտենք, թէ մեր գերմանացի գործընկերները ի՞նչ ծաւալով կը համաձայնեն ֆինանսաւորել այդ ծրագիրը, սակայն աջակցութեան որոշակի ծաւալ, ի հարկէ կը լինի, այդ մասին արդէն կարելի է համոզուածութեամբ ասել», հաստատած է Արամայիս Գրիգորեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.