ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուս-իոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ 20 Դեկտեմբերին ստորագրուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիր, որով Հայաստանի աթոմայականի գործածութեան ժամկէտը մինչեւ 2027 թուական երկարաձգելու աշխատանքներուն համար ռուսական կողմը պիտի տրամադրէ 270 միլիոն տոլար արտօնեալ պայմաններով վարկ եւ 30 միլիոն տոլար դրամաշնորհ:
Համաձայնագիրը ստորագրած են Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը եւ «Ռոս Ատոմ» համագործակցականի տնօրէն Սերգէյ Քիրիենքօն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.