ԹԵՀՐԱՆ.- «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Սիտնիի սրճարաններէն մէկուն մէջ պատանդներ վերցուցած ահաբեկիչը զեղծարարութեանց համար կը հետապնդուէր Իրանի ապահովական մարմիններուն կողմէ: Իրանի ոստիկանութեան ղեկավար Իսմայիլ Ահմատի Մոկատամ յայտարարած է, որ 14 տարի առաջ իրանեան իշխանութիւնները Աւստրալիայէն պահանջած են արտայանձնել յանցագործը, սակայն դիմումը մերժուած է, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ յանցագործներ արտայանձնելու մասին համաձայնագիր գոյութիւն չունի:
Ենթական 1996ին աշխատած է զբօսաշրջային գործակալութեան մը մէջ, ուրկէ գումարներ կորզած է եւ Մալեզիոյ տարածքով հասած է Աւստրալիա, ուր քաղաքական ապաստան ստացած է: Դեկտեմբեր 15ին, ան Սիտնիի կեդրոնը գտնուող «Լինտթ» սրճարանին մէջ պատանդներ վերցուցած էր եւ զանոնք իր մօտ պահած՝ շուրջ 16 ժամ: Ոստիկանութեան յարձակումին պատճառով յանցագործը սպաննուած էր: Զոհուած էին նաեւ երկու պատանդներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.