ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ իրադարձութեանց գծով «համապարփակ, ամբողջական ու թափանցիկ» երկխօսութիւն տեղի պէտք է ունենայ՝ յոյս յայտնելով, որ Ուքրանիոյ տարածքը կը վերամիաւորուի։ «Այն, ինչ Քիեւի իշխանութիւնները արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ կը կատարեն, բռնաճնշումի գործողութիւն է», նշեց ան, տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու կոչ ընելով՝ «ըստ միջազգային օրէնքի եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին»:
«Ներկայ ճգնաժամին պատճառը Խրիմը չէ, այլ՝ մեր գերիշխանութիւնն ու մշակոյթը պահելու մեր բնական փափաքը», պնդեց Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին յայտարարեց նաեւ, որ Ռուսիա 2014ին 1.2 եռիլիոն ռուբլիի եկամուտ ապահոված է, եւ այս տարուան վերջաւորութեան, տնտեսական աճը 0.6 առ հարիւր պիտի ըլլայ: «Կացութիւնը պիտի բարելաւենք՝ առանց անտեսելու մեր պահեստները, որոնք բարձրացան 7.3 եռիլիոն տոլարի: Մեր ընկերային բոլոր պարտաւորութիւնները պիտի կատարենք», ըսաւ ան՝ նախատեսելով, որ կացութիւնը ներկայ վիճակով պիտի չշարունակուի, իսկ տնտեսութիւնը, ամէնէն ուշը՝ երկու տարիէն դուրս պիտի գայ ճգնաժամէն:
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց, որ արտաքին ազդակները ու մանաւանդ քարիւղի գինը, տնտեսական ներկայ դժուար կացութեան եւ ազգային դրամանիշի անկումին գլխաւոր պատճառներն են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.