ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազ Մայք Ֆիուըր վերջերս Լոս Անճելըսի դատավարութեանց վերահսկիչի տեղակալ նշանակած է իրաւաբան Պեն Քարապեանը՝ ըսելով, թէ ան վերջին քանի մը տարիներուն քաղաքի դատախազութեան մէջ իր ստանձնած տաբեր պաշտօններով կրցած է փաստել, որ այսպիսի պատասխանատու պաշտօն մը ստանձնելու յատկութիւնները ունի։
Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազութեան նշեալ բաժանումը ամէն տարի քրէական հազարաւոր դատավարութիւններով կը զբաղի։
Պեն Քարապեան 2006էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազութեան մօտ եւ ստանձնած է քաղաքի դատախազի տեղակալի պաշտօնը՝ թէ՛ քրէական եւ թէ քաղաքացիական հարցերու գծով, ու յաջողութեամբ հետապնդած է 50է աւելի քրէական դատավարութիւններ։
Նախքան Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազութեան միանալը, Պեն Քարապեան մաս կազմած է իրաւաբաններու այն խումբին, որ «Նիւ Եորք Լայֆ» ընկերութենէն 12 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում ապահոված էր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիներու ժառանգորդներուն։
Քարապեան իրաւաբանութեան վկայականը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ դարձեալ նոյն համալսարանէն, միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.