
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սուրբ Գրիգոր Լուասաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի 30ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունուար 24ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ (2215 East Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107)։
Ձեռնարկը առիթ պիտի ըլլայ տօնելու վարժարանին ջամբած որակաւոր ուսումն ու իրագործումները եւ դրամահաւաք կատարելու ապագայի մարտահրաւէրներուն համար։
«Երաժշտութիւն մեր երեխաներուն» խորագրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի վարժարանին՝ համընդհանուր, նախամանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ դասարան, երաժշտական ծրագիր մը մշակելու նպատակին, որուն մէջ նկատի առնուած են տեղական երաժշտանոցներու հետ համագործակցութիւն եւ երաժշտական գործիքներու հաւաքածոյի մը գոյացում։
Նուիրատուութիւնները կարելի է նուազեցնել տուրքի ենթակայ եկամուտէն։ Նուիրատուութեանց համար դիմել (323) 644-2111 թիւին։
Ձեռնարկի տոմսերուն գինը 125 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել VBardakjian@hovsepianschool.org հասցէին։