ՓԵՇԱՈՒԱՐ, Փաքիստան, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, «Թալեպան» շարժումի անդամ 7 զինեալներ յարձակած են Փաքիստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող Փեշաուարի վարժարաններէն մէկուն վրայ, որ բանակի հովանիին տակ կը գործէ։
Զինեալները սպաննած են 1-10րդ դասարանի առնուազն 132 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ՝ 9 պաշտօնեաներ։ Վիրաւորուած են այլ 121աշակերտներ եւ երեք պաշտօնեաներ: Բանակի միջամտութեամբ աւարտած է յարձակումը, որուն ընթացքին սպաննուած են նաեւ «Թալեպան»ի անդամ 7 զինեալները։
«Թալեպան» ստանձնած է արարքին պատասխանատուութիւնը՝ զայն հակադարձութիւն մը համարելով Փաքիստանի բանակին կողմէ նոյն շարժման շարք մը անդամներու սպանութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.