
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ամէն անգամ, երբ քարիւղի գինը 10 տոլարով նուազի, Ատրպէյճանի պետական ամավարկի եկամուտները 256 միլիոն մանաթով (մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար) կը նուազին, գրած է «Վեսթի» լրատուական կայքը։
Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ այս հարցին մասին ելոյթ մը ունենալով՝ պատգամաւոր, տնտեսութեան հարցերով զբաղող խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ Վահիտ Ահմետով Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին նշած է, որ քարիւղի գինի անկումին պատճառով, քարիւղի վաճառքէն գոյացած եկամուտը ցարդ 1.57 միլիառ տոլարով նուազած է՝ պնդելով, որ այդ գումարը այնքան ալ մեծ չէ, որ ընկերատնտեսական ցնցումներ պատճառէ:
Ան նշած է նաեւ, որ այս անկումին պատճառով հարցեր կրնայ դիմագրաւել Ատրպէյճանի պետական քարիւղի հիմնադրամը, որուն կը յանձնուի քարիւղի վաճառքէն ստացուող հիմնական շահոյթը, «սակայն նման հարց կրայ յառաջանալ միայն 2015ի կիսուն»:
Քարիւղի համաշխարհային գիներու անկումը Ատրպէյճանի դիմագրաւած միակ խնդիրը չէ: Արդարեւ, քարիւղի արդիւնահանումը՝ «Պի.Փի.»ի կողմէ կառավարուող հանքերուն մէջ, 2015էն սկսեալ պիտի նուազի տարեկան առնուազն 2.5 տոկոսով: