ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ յայտնեց, որ Անգարա ձեռնարկած է Միջին Արեւելքի երկիրներուն հետ խզուած յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու աշխատանքին՝ նշելով յատկապէս Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ծոցի երկիրներու պարագաները։
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Առընչ թուրք արտածողներու համաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Սուրիան եւ Իրանը կոչած է «դրացիներ», իսկ Սէուտական Արաբիան, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսն ու Յորդանանը՝ «աւանդական բարեկամներ, որոնց հետ իբրեւ դաշնակիցներ կը գործենք», զգալիօրէն մեղմացնելով անոնց նկատմամբ վերջերս օգտագործուած քննադատական ոճը:
«Նշեալներուն հետ յարաբերութեանց մէջ սառնութիւն մը կար՝ անոնց քաղաքականութեան կամ այդ երկիրներու ղեկավարներու կեցուածքին պատճառով: Սակայն մենք բարեկամներ ենք, նաեւ՝ եղբայրներ: Թուրքիոյ եւ այս երկիրներուն միջեւ ներկայիս արագ կերպով ձիւնհալ տեղի կ՛ունենայ», նշած է Առընչ, աւելցնելով, որ շրջանին հետ Անգարայի յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին շատ արագ կերպով:
«Մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ տալիք որոշումներուն միջոցով բոլորս պիտի հասնինք մեր նախապէս գտնուած կէտին», ըսած է ան՝ աւելցնելով. «Մենք կայունութիւն կ՛ուզենք»:
Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» թերթը գրած է, որ Ծոցի երկիրները Տոհայի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովին աւարտէն անմիջապէս ետք արագ քայլերու դիմած են՝ դէմ դնելու համար Ծոցի տեղական եւ արաբական հարցերուն մէջ միջամտելու փորձերուն, որոնք սկսած են երեւան գալու եւ կը ղեկավարուին «շրջանային պետութիւններու կողմէ»: Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին մօտիկ աղբիւր մը նշած է, որ Ծոցի երկիրները ճշդած են շարք մը պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու անմիջական ժողով մը, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Ռիատի մէջ՝ ճշդելու համար Ծոցի շրջանի ներքին հարցերու միջամտութեան փորձերը կասեցնելու աշխատանքի ընդհանուր շրջագիծը: Աղբիւրը յատկապէս նշած է. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քանի մը օր առաջ կատարած յայտարարութիւնները միջազգային ու շրջանային ընդունուած կարգերը կ՛ոտնակոխեն, մանաւանդ երբ ան կը յայտարարէ, որ իր երկիրը իրաւունք ունի միջամտելու Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ Պոսնիոյ իրադարձութեանց»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.