
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, այս տարուան Օգոստոս 25-29, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Մեքսիքա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հրաւէրով: Սրբազանը տարի մը առաջ, Սուրբ Զատկուան առթիւ, իր առաջին այցելութիւնը շնորհած էր Մեքսիքայի հայ համայնքին եւ ծանօթացած համայնքի ղեկավարներուն հետ:
Նկատի ունենալով, որ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վերջերս որոշած էր Մեքսիքայի հայ համայնքներուն հոգեւոր հոգածութիւնը Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն փոխանցել Արեւմտեան թեմին՝ առաջնորդարանը, թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, որոշած է 2015ի Մարտ 14-16 ուխտագնացութիւն մը կազմակերպել դէպի Մեքսիքայի մայրաքաղաք Մեքսիքօ Սիթի: