
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ընդարձակման հարցերու յանձնակատարները Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին քննադատեցին մէկ օր առաջ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քանի մը տասնեակ լրագրողներու ձերբակալութիւնները՝ շեշտելով, որ անոնք կը «հակասեն եւրոպական արժէքներուն» եւ ազդարարելով, որ նման քայլեր վնաս պիտի հասցնեն Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերուն։
«Արտայայտուելու ազատութիւնն ու դատարաններու անկախութիւնը առողջ ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերն են», յիշեցուցած են անոնք։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի ըսած է. «Իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից, մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընենք երաշխաւորելու, թէ իրենց գործողութիւնները չեն խախտեր ժողովրդավարութեան սկզբունքները»:
Սակայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Երտողան եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Երկուշաբթի օր փորձած են արդարացնել ձերբակալութիւնները՝ պնդելով, որ անոնք հարկաւոր էին, պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու ջանքերը ձախողութեան մատնելու համար:
Ձերբակալուածները, ներառեալ՝ «Զաման» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էքրեմ Տումանլըն, Միացեալ Նահանգներ հաստատուած այլախոհ թուրք կրօնաւոր Ֆեթհուլլահ Կիւլենի մօտիկ լրատու գործակալութեանց պաշտօնեաներն էին, որոնք անցեալ տարի բացայայտած էին շարք մը նախարարներու զեղծարարութիւնները։ Ձերբակալուած են նաեւ Պոլսոյ ոստիկանութեան հակաահաբեկչական բաժանմունքի նախկին ղեկավարը, Կորճայքի նախկին ոստիկանապետը, ինչպէս նաեւ՝ երեք ոստիկաններ։
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու ոստիկանութեան շղթայազերծած ձերբակալութեանց արշաւը «յեղաշրջում» որակած է: Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը եւս դատապարտած է ձերբակալութիւնները:
Միջազգային մամուլը եւս անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ Դեկտեմբեր 14ին տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն՝ զանոնք մամուլի ազատութեան վրայ յարձակում նկատելով։