
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Շարք մը այլ քաղաքներու կողքին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ եւս հազարաւորներ քայլարշաւ կատարեցին Կիրակի, Դեկտեմբեր 14ին, բողոքելու համար ոստիկաններու կողմէ անզէն սեւամորթներու սպանութեան դէմ:
Վերջերս Ֆըրկըսընի եւ Նիւ Եորքի մէջ ոստիկանութեան կողմէ երկու երիտասարդ սեւամորթներ սպաննուած էին, սակայն սպաննողները դատարաններու կողմէ անպարտ նկատուած էին, ինչ որ զայրոյթ ու անկարգութիւններ յառաջացուց:
Մեծ ցոյց տեղի ունեցաւ նաեւ Նիւ Եորքի մէջ, ուր հազարաւորներ մասնակցեցան քայլարշաւի, հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն:
Ուաշինկթընի հաւաքին առջեւ խօսք առնողները կոչ ուղղեցին ամերիկեան օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու: Պատուելի Էլ Շարփթըն կոչ ուղղեց օրէնսդրական քայլի մը, որ «կացութիւնը թէ՛ թուղթի վրայ եւ թէ փողոցին մէջ պիտի փոխէ»:
Ցուցարարներ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Ցեղապաշտ ոստիկանութեան արգելք հանդիսացէք», «Նախագահ Օպամա՛, առիթը օգտագործէ: Նախահայրերը կը դիտեն»: Նիւ Եորքի մէջ բարձրացուած պաստառներուն վրայ գրուած էր. «Նիւ Եորքի մէջ ամէն բան պիտի սառեցնենք», «Սեւամորթներու կեանքերը եւս արժէքաւոր են»: