ՄՈՍԿՈՒԱ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան «Ռուսիոյ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է այն պայմանը, որուն պարագային պիտի բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:
«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանը պիտի բացուի միայն փաթեթային լուծման պարագային, եւ ատիկա կը վերաբերի թէ՛ թուրք-հայկական, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն», ըսած է ան:
«24 Ապրիլ 2015ը շատ խորհրդանշական թուական է, եւ ատոր մօտենալը կ՛աւելցնէ հայկական միջավայրին մէջ ծայրայեղականութիւնը: Անոնք ատոր կը մօտենան ոչ-փոխզիջողական դիրքերէ», ըսած է խորհրդականը՝ աւելցնելով, թէ չի հաւատար, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիա կը ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի բաւարարեն հայկական կողմի պահանջները:
«Հայկական կողմի նման մօտեցման պարագային, Ցեղասպանութեան եւ սահմանի բացման հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ զիջում կարելի չէ ակնկալել», յայտարարած է Մահճուպեան:
Ըստ անոր՝ եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ որոշ քայլեր առնուին, ապա անոնք միայն մէկ տարի ետք պիտի կատարուին, որովհետեւ միայն այդ ժամանակ կիրքերը պիտի հանդարտին:
Մահճուպեան յիշեցուցած է նաեւ, որ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիոյ վարչապետը՝ այժմ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, այդ հարցին առնչութեամբ ուղերձ յղած էր, ցաւակցած եւ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած այդ իրադարձութիւնները նկատած «երկու ազգերու ընդհանուր ցաւ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.