ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Հայ Շարժում»ը Ֆրեզնոյի մէջ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Հայկական ուսմանց յայտագիրի (ՀՈՅ) եւ Հայ ուսանողական կազմակերպութեան պարբերաթերթն է 36 տարիէ ի վեր։ Ակնահաճոյ, բովանդակալից՝ յատկապէս ուսանողական կեանքի իր արձագանգներով։ Պարբերաթերթի խորհրդատուն եւ ոգին է ՀՈՅի համադրողը՝ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը։
Վերջին՝ 2014 Հոկտեմբերի թիւը, թէեւ՝ ամբողջութեամբ անգլիագիր, ինչպէս միշտ, կը շեշտուի իր հայեցի նկարագիրով։ Այնտեղ աչքիս զարկաւ «Ի՞նչ Կայ Չկայ» սիւնակը, պատրաստուած Յաւերժ Սթանպուլեանի կողմէ։ Ան չորս ուսանողներու հարց տուած է, թէ ո՞րն է լաւագոյն միջոցը ԱՄՆ բնակած ատեն պահպանելու հայ ինքնութիւնը։
Սիրուն Մուրատեան՝ միջավայրային գիտութիւններու ուսանող, առաջին ու գլխաւոր ազդակը կը նկատէ հայերէն խօսիլը, ապա՝ պահպանել այն արժէքները՝ զորս մեր ծնողները մեզի ներշնչած են, այլեւ Հայց. եկեղեցի երթալ, հայկական ձեռնարկներու, փառատօներու եւ տօնավաճառներու ներկայ ըլլալ եւ միշտ ուզել աւելի լաւ ծանօթանալ մեր մշակոյթին ու պատմութեան։
Կարինէ Գնտոյեան՝ ելեկտրական ճարտարագիտութեան ուսանող, նշելէ ետք, որ չի բաւեր «եան» վերջաւորութեամբ մականուն մը կրել, կը հաստատէ, թէ պէտք է գիտնանք մեր լեզուն եւ պատմութիւնը։ Մենք հայ ենք այսօր, որովհետեւ մեր նախնիքը անկարելին ըրին իրենց յետնորդներուն սորվեցնելու ու փոխանցելու մեր լեզուն։ Ուստի մենք եւս պէտք է նոյնը ընենք պահելու եւ կրելու մեր ինքնութիւնը։ Նաեւ պէտք է սորվինք մեր պատմութիւնը, մեր հաւատալիքներն ու մեր Դատը՝ գիտնալու համար, թէ ի՛նչը մեզ եզակի կը դարձնէ։
Յովսէփ Քիւչիւքեանի համար, որ հաշուակալութիւն կ՛ուսանի, մեր հայկական ինքնութիւնը պահպանելու լաւագոյն միջոցը վարժութիւնն է. համայնքին մաս կազմել, սորվիլ մեր հաւատքը, մեր ճաշերը, մեր պատմութիւնը, մեր լեզուն եւ գիտնալ հայերէն գրել։ Այն ատեն միայն կրնանք իբր հա՛յ Հայաստան այցելել։
Գալով Սօսէ Գնտոյեանին, որ կենսաբանութիւն կ՛ուսանի, այն բաներէն մէկը, որով կը հպարտանանք՝ մեր լեզուն է, որ ուրիշ լեզուներու չի նմանիր։ Այսքան դարեր վերապրած ենք անո՛ր շնորհիւ։ ԱՄՆի մէջ թէ Սփիւռքի՝ ընդհանրապէս, ինքնութիւնը պահելու միակ բանալին լեզուին մէջ է։
Ուշագրաւ է, որ չորս հայ ուսանողներ կ՛արծարծեն այս հարցը։
Նոյն «Հայ շարժում»ի եռագոյն տիտղոսով առաջին էջին վրայ զետեղուած են նկարը եւ լուրը, որ այդ համալսարանի շրջափակին մէջ պիտի բարձրանայ յուշարձան մը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, նախաձեռնութեամբ պատկան համագաղութային յանձնախումբին։ Ան պիտի տեղադրուի աչքառու վայր մը ու ցայտուն դարձնէ մեզի դէմ կատարուած ոճիրը։ Շատ շնորհաւորելի է Ֆրեզնոյի գաղութը այս ճիգին համար։
Համոզուած եմ, սակայն, որ յուշարձան կանգնեցնելէ աւելի կարեւոր, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն աւելի խօսող ու մեր Դատին ի նպաստ աւելի երկար ժամանակի վրայ գործող այլ նախաձեռնութիւն մը եւս կը կարօտի այդ համագաղութային ճիգին, եւ այս մէկը՝ անյետաձգելի հրատապութեամբ։ Այդ է՝ գաղութը օժտել երկրորդական վարժարանով մը կամ ամբողջական ու մեծ երկրորդական վարժարանի մը մակարդակին բարձրացնել ներկայ ծաղկոց-նախակրթարանը։
Ի՞նչը կը պակսի այս պատմական գաղթօճախին այդ քայլը առնելու համար։
Ունի համախումբ հայութեան բաւարար թիւ. եթէ 10,000ը անհրաժեշտ նուազագոյնն է նման նախաձեռնութիւն մը իրագործելու համար, Ֆրեզնօն կ՛ըսուի թէ ունի անոր մինչեւ տասնապատիկը։ Այդ թիւին մէջ այժմ հետզհետէ կ՛աւելնան նաեւ նոր ժամանող հայախօս հայերը, երիտասարդ հայերը, որոնք նոր ընտանիք կը կազմեն։
Ունի նիւթական ամէն միջոց, քանի որ այս այն քաղաքն է, ուր կ՛ապրին ԱՄՆի ամէնէ՛ն ունեւոր հայերը, ու ամէնէն մե՛ծ թիւով ունեւոր հայերը։ Կը մնայ, որ անոնք ճանչցուին նաեւ որպէս ամէնէն հաւատաւո՛ր հայերը…
Ունի փորձառութիւնը համագաղութային առումով վարելու իր գործերը, այդ գործերէն ոմանք գէթ, ու տակաւին կրնան ա՛լ աւելի սերտանալ միջհամայնքային յարաբերութիւնները զանազան կողմերուն միջեւ, յատկապէս 100ամեակի հանգրուանէն անդին։
Ունի ահա մանաւանդ երիտասարդ սերունդ մը, որ կը գիտակցի, թէ իր ինքնութիւնը պահելու միակ բանալին լեզուն է։
Լեզուն՝ ոչ պարզապէս իբր երկրորդ կամ երրորդ լեզու գիտնալու համար, այլ զայն ամէն օր ապրեցնելու, անո՛վ ապրելու համար։
Ուրեմն, սիրելի՛ տղաք, ահա ձեռնոցը, որ կը նետուի ձեր առջեւը։ Հակառակ հի՜ն գաղութ ըլլալուն, Ֆրեզնօն ձեզի պէտք ունի վերակերտուելու, երիտասարդանալու համար։
Բայց այս ձեռնոցը չի նետուիր միայն Ֆրեզնոյի առջեւը… Հայութեան հսկայ զանգուածներ կը գոյանան հիմա, ի հեճուկս Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի՝ արեւմտեան աշխարհի հեռաւոր ու մօտաւոր ափերուն վրայ, այլեւ հիւսիսային կողմն աշխարհի։ Կամ ի սպառ կորսուելու համար, կամ ալ տակաւին դիմանալու, պայքարելու եւ ի վերջոյ՝ Վերադարձը կատարելու համար։
«Ամէն հայորդի հայկական վարժարանի մէջ» կարգախօսը կրնա՞յ դառնալ յետ-հարիւրամեակի մեր համազգային ուղեգիծը։
Բանալին՝ ձե՛ր ձեռքն է, երիտասարդնե՛ր, Ֆրեզնոյի եւ ո՛չ միայն Ֆրեզնոյի…