ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը 10 Դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցաւ Մարտունիի շրջանի Բերդաշէն եւ Եմիշճան շրջաններուն մէջ:
Ասիկա Բերդաշէնի բնակչութեան հետ կայացած վեցերորդ հանդիպումն էր, որուն ներկայ էր գիւղապետի տեղակալ Երուանդ Բարսեղեանը, դպրոցի տնօրէն Արտակ Զարգարեանը, դպրոցի ուսուցչական կազմը, համայնքի բնակչութիւնը: Այս հանդիպումը յատկանշական էր այն պատճառով, որ ներկայ էր նաեւ շրջանի երիտասարդութիւնը:
Հանդիպման սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան ներկայացուց խմբակցութեան կատարած աշխատանքները, թուեց այն պատճառները, որոնց հիման խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է կարգ մը օրէնքի նախագիծերու, նաեւ անդրադառնալով արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ Դաշնակցութեան կատարած եւ կատարելիք աշխատանքները:
Խօսուեցաւ նաեւ Ղարաբաղի ճանաչման գործընթացին մէջ ՀՅԴի աշխատանքներուն մասին:
Արմէն Սարգսեան իր զեկոյցին մէջ նշեց, որ նախկին հանդիպումներուն ընթացքին Բերդաշէնի մէջ բարձրացուած բոլոր հարցերը հասցուցած են համապատասխան մարմիններուն եւ միջամտած՝ անոնց լուծումները գտնելու գործին:
Հանդիպման ընթացքին բնակիչները իրենց կարգին խօսեցան զիրենք յուզող հարցերուն մասին, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէր կրթական բնագաւառը. ուսուցիչները որոշ դժգոհութիւն յայտնեցին կրթական ծրագիրներէն։ Գիւղացիները արծարծեցին նաեւ հողի վարձակալման առնչուած հարցեր։
Խմբակցութիւնը չորրորդ անգամն ըլլալով հանդիպում ունեցաւ Եմիշճան համայնքի բնակիչներուն հետ։ Գիւղի բնակիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պարբերական հանդիպումներուն համար, յայտնեցին իրենց դժգոհութիւններն ու խնդիրները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.