ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 Դեկտեմբերին ընդունած է Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչսը:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած են Հայաստան-Եւրամիութիւն համագործակցութիւնը եւ Լաթվիոյ՝ որպէս Եւրամիութեան յաջորդ նախագահող երկրի, աջակցութիւնը այդ համագործակցութեան հետագայ խորացման ու զարգացման իմաստով։
«Հանրապետութեան նախագահը նշել է, որ Եւրամիութիւնը եղել է եւ շարունակում է մնալ Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներից մէկը, որի հետ փոխգործակցութիւնը հիմնւում է առաջին հերթին ընդհանուր արժէքային համակարգի վրայ, եւ ինչպէս Եւրասիական տնտեսական միութեանը անդամակցութիւնից առաջ, այնպէս էլ յետոյ մեր երկիրը շարունակելու է զարգացնել եւրոպական օրակարգը, ձեւաւորել համագործակցութեան դաշտը նոր իրողութիւնների պարագայում», նշուած է նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարար Ռինքեւիչս իր կարգին ընդգծած է, որ Լաթվիան կը հասկնայ եւ յարգանքով կը վերաբերի ԵՏՄին միանալու Հայաստանի որոշման նկատմամբ, նաեւ կը գիտակցի, որ ատիկա որեւէ ձեւով չի խոչընդոտեր Եւրամիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
es srikain yev nra hanrapetakan kusaktsutian petk evtarel Haiastanits!