ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Գանձասարի վանքին յարակից տարածքին մէջ գտնուող հոգեւոր ճեմարանին համար կառուցուած շէնքին հիման վրայ՝ ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանի նախագծումով մեկնարկած են Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղի շինարարական աշխատանքները:
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շինարարական աշխատանքները իրականացնող «Շինվերանորոգման տնտեսութիւն» ընկերութեան տնօրէն Արկադի Ծատրեան յայտնած է, որ աշխատանքները կ՛ընթանան ծրագիրին համաձայն եւ պիտի աւարտին յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբերին:
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան յայտարարած էր, որ արցախեան մասնաճիւղին մէջ պիտի տեղադրուին Երեւանի Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներուն կրկնօրինակները:
Նշենք նաեւ, որ Երեւանի Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղի շինարարութիւնը կը կատարուի Մարդկային պաշարներու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով. այս նպատակով յատկացուած է աւելի քան 269 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.