
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».– Հայաստանի արմատական ընդդիմադիր ուժի՝ Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան Հինգշաբթի երեկոյեան իր տան մուտքին ծեծի ենթարկելու փաստին առիթով, ըստ Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի հրապարակած հաղորդագրութեան, նիւթեր կը պատրաստուին Արաբկիրի քննչական բաժանմունքին մէջ:
Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն, յանձնարարութիւն տրուած է ոստիկանութեան հետախուզական մարմիններուն՝ միջոցներու ձեռնարկելու եւ յանցագործութիւն կատարած անձին ինքնութիւնը պարզելու: Դէպքի վայրի քննութենէն բացայայտուած է, որ տարածքին մէջ կար նաեւ տեսանկարահանող սարք, որուն տեսագրութիւնը եւս կը քննուի։
Ա. Մանուկեան փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր բժիշկները ախտորոշած են ուղեղի ցնցում եւ ծեծի պատճառով յառաջացած վնասուածքներ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Կարէն Անդրէասեանի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Արամ Մանուկեանի հետ, զրուցած են անոր հետ։ Աւելի ուշ ՄԻՊ Կարէն Անդրէասեան խստօրէն դատապարտած է այս ոտնձգութիւնները:
«Խորապէս մտահոգուած եմ վերջին օրերին քաղաքացիների աւտոմեքենաների հրկիզման, առաւել եւս՝ մարդկանց ծեծի, բռնութեան ենթարկելու դէպքերի մասին տեղեկութիւններով: Սուրէն Սարգսեանի դէպքի նոյն օրը՝ ժամը 21։00ի սահմաններում, իմ տեղակալը հանդիպել է նրան, երէկ (11 Դեկտեմբերին)՝ ժամը 23։00ի սահմաններում, իմ ներկայացուցիչներն այցելել են Արամ Մանուկեանի բնակութեան վայր: Թէեւ այս պահի դրութեամբ Սարգսեանը եւ Մանուկեանը մեզ դիմում-բողոքներ չեն ներկայացրել ընդդէմ պետական մարմինների, սակայն պատրաստ ենք յարուցել վարոյթներ տուժածներից բողոքներ ստանալուն պէս:
Անկախ այդ հանգամանքից՝ այս բոլոր գործերի քննութիւնն յառաջիկայում եւս կը լինի մեր ուշադրութեան կենտրոնում», յայտնած է Անդրէասեան՝ աւելցնելով, թէ կ՛ակնկալէ, որ բոլոր իրաւապահ մարմինները պիտի գործեն հետեւողական եւ անաչառ, որպէսզի մեղաւորները կարելի եղածին չափ արագ բացայայտուին եւ պատժուին օրէնքին ամբողջ խստութեամբ:
Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը եւս յայտարարութեամբ մը խստագոյնս դատապարտած է տեղի ունեցածը ու պահանջած շուտափոյթ բացայայտել եւ պատժել մեղաւորները:
«Հակառակ պարագայում սա կարելի է համարել իշխանութիւնների կողմից հովանաւորուող կամ նրանց թելադրանքով իրականացուած ոտնձգութիւն իրենց խօսքն ազատ արտայայտող քաղաքացիների նկատմամբ: Կատարուածի ողջ պատասխանատուութիւնը կրում են օրուայ իշխանութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ։