ՀԱԿի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արամ Մանուկեանի վրայ յարձակում գործած է միջին տարիքի անդիմակ տղամարդ մը: Անձը պատգամաւորին վրայ յարձակած է 11 Դեկտեմբերին՝ ժամը 20:10ի շուրջ, վերջինին տան մուտքին՝ վերելակին մօտ: Տարածքին մէջ առկայ տեսախցիկը արձանագրած է իրադարձութիւնը, սակայն տակաւին չէ ճշդուած, թէ որքան յստակ է:
Այս տեղեկութիւնները դէպքին վայրը հաւաքուած լրագրողներուն յայտնած է Հայ Ազգային Կոնգրեսի մամլոյ խօսնակ Արման Մուսինեան:
Ան նաեւ նշած է, որ յարձակողը սպառնալիքներ չէ ուղղած, յարձակած, հարուածած է Արամ Մանուկեանին դէմքին ու փախուստ տուած:
«Ես հիմա վերջնական եզրայանգումներ չեմ ուզում անել, բայց մի բան ակնյայտ է. Արամ Մանուկեանը դասական քաղաքական գործիչ է, եւ այս յարձակումը կարող ենք կապել իր քաղաքական գործունէութեան հետ: Մենք այնպիսի երկրում ենք ապրում, որտեղ իշխանութեան գլուխ յանցագործներ են: Կը տեսնենք՝ ոստիկանութիւնը կը փորձի՞ գտնել, պատժել մեղաւորներին: Հայ Ազգային Կոնգրեսն իր դիրքորոշումը կը յայտնի, մենք ամենայն ուշադրութեամբ, մինչեւ վերջ բացայայտելու պահանջով ամէն օր հետեւելու ենք ընթացքին», յայտնած է ՀԱԿի բանբեր Արման Մուսինեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.