ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Վերջին շրջանին քանի մը ազատամարտիկներու նկատմամբ բռնութեան դէպքեր արձանագրուած են։ 10 Դեկտեմբերին դիմակաւոր անձեր իր իսկ տան դիմաց դաժան ծեծի ենթարկած են ազատամարտիկ Սուրէն Սարգսեանը, որ ծանրօրէն վիրաւորուած եւ փոխադրուած է հիւանդանոց: Քանի մը օր առաջ ալ նոյն բանը պատահած էր ազատամարտիկներ՝ Ապարանի ջոկատի հրամանատար Ռազմիկ Պետրոսեանին ու «Արաբօ» ջոկատի հրամանատար Մանուէլ Եղիազարեանին: Իրաւապաշտպանները դատապարտած են այս երեւոյթը՝ դէպքերու բացայայտումը նկատելով պատիւի հարց:
Ազատամարտիկներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու ու Նախախորհրդարանի անդամներուն ինքնաշարժները հրկիզելու դէպքերուն անդրադարձած է Հայաստանի հելսինկեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Իշխանեանը, որ կատարուածը պետական ահաբեկչութիւն նկատած է։ Անոր համաձայն՝ այս բոլորը անպատժելիութեան հետեւանք է։
«Այս դէպքերը կարելի է համարել պետական ահաբեկչութիւն: Եթէ 7 աւտոմեքենայ է հրկիզւում ու ազատամարտիկների նկատմամբ բռնութիւն գործադրւում մի քանի անգամ ու դրանցից ոչ մէկը չի բացայայտւում, ուրիշ ինչպէ՞ս անուանեմ: Վովա Գասպարեանը թող ապացուցի, որ այդպէս չէ եւ թող ինձ դատեն զրպարտութեան համար», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.