ՊՈԼԻՍ.- «Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Դեկտեմբեր 7ին, Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է:
Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը բռնկած է տօնածառի մը լոյսերու սխալ միացման պատճառով, հերքուած է եւ հաստատուած, որ եկեղեցին կրակի տրուած է դիտումնաւոր կերպով:
Արդարեւ, եկեղեցւոյ նկարահանման գործիքները տեսագրած են, թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը մուտք գործած է եկեղեցի եւ հրկիզած զայն: Ենթական արդէն իսկ կարելի եղած է ձերբակալել: Ի յայտ եկած է, որ ան նախապէս եւս նման արարքներ կատարած է:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրդեհին պատճառով հազարաւոր կրօնական գիրքեր ու խտասալիկներ հրկիզուած են:-
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.