ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մէջ կատարուած է 6 միլիոն տոլարի վաճառք՝ 1 տոլարի փոխարէն 460,69 դրամ միջին կշռուած փոխարժէքով: Կեդրոնական դրամատան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ սահմանային փոխարժէքը կազմած է 460,16 դրամ՝ 1 տոլարի դիմաց:
Արժութային շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու, փոխարժէքի տատանումները հարթելու եւ արտարժութային շուկային մէջ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու նպատակով, 8 Դեկտեմբերէն մինչեւ տարեվերջ դրամատունը կ՛որդեգրէ նոր մօտեցում. ամէն օր սակարկութիւններու միջոցով պիտի կատարուին արտարժոյթի վաճառքներ՝ նախապէս յայտարարուած առաւելագոյն սահմանաքանակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.