
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Մոսկուայի դատարանը 10 Դեկտեմբերին երկարաձգեց ռուսաբնակ հայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքին ժամկէտը՝ մինչեւ 19 Ապրիլ 2015։
«Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ դատաւոր Արթուր Քարպով յայտարարած է, որ Հայրապետեանի խափանման միջոցի մեղմացման պարագային կրնայ ըլլալ, որ ան թաքնուի դատարանէն, ոչնչացնէ փաստերը, ճնշում գործադրէ վկաներուն վրայ կամ այլ եղանակներով փորձէ խոչընդոտել քննութեան ընթացքը:
Հայրապետեան չէ մասնակցած դատական նիստին, քանի որ կը գտնուէր հիւանդանոց: Անոր փաստաբանը տեղեկացուցած է, որ Հայրապետեան փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր քննութիւններէն ի յայտ եկած է, որ միզապարկի քաղցկեղ ունի: Ըստ փաստաբանին. «Դա այն հիւանդութիւնների ցանկում է, որոնք խոչընդոտում են քննչական մեկուսարանում գտնուելուն»:
Գործարարին փաստաբանը դիմումը ներկայացուցած է՝ հաստատելով, որ Հայրապետեան դէմ չէ, որ գործը քննուի առանց իրեն:
Կալանքի երկարաձգումը պահանջող քննիչը բացատրած է, որ այժմ կայ 3 մեղադրեալ, սակայն այդ ցուցակը կրնայ բազմանալ. «Ես այժմ նպատակայարմար չեմ համարում խօսել այն մասին, թէ ով կարող է ներգրաւուել գործում որպէս մեղադրեալ», նշած է ան։