ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Եթէ հաւատանք պաշտօնական վիճակագրութեան, ապա աւելի քան 3 միլիոն Հայաստանի քաղաքացիներ Ամանորը պիտի նշեն հայրենիքի մէջ: Այդ տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստանի բնակչութիւնը այս տարուան 1 Հոկտեմբերի դրութեամբ կազմած է 3013,9 հազար մարդ:
Մէկ տարի առաջ այդ ցուցանիշը քիչ մը աւելի էր՝ 3017 հազար: Ինչպէս յայտնի է, 18 Հոկտեմբեր 2013ին Ռուսիոյ մէջ օտար քաղաքացիներու ընդհանուր հաշուառում կատարուած է: Ըստ անոր՝ Ռուսիոյ մէջ կայ 492,3 հազար Հայաստանի քաղաքացի:
Ըստ մեթոտաբանութեան, եթէ քաղաքացին բացակայի մէկ տարիէն աւելի, ապա ան արդէն չի նկատուիր մնայուն բնակիչ: Հասկնալի է, որ խորքին մէջ նման փաստերու բացայայտումը այնքան ալ դիւրին չէ։
Վերջերս Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է հանրապետութեան տնային տնտեսութիւններու հետազօտութեան տուեալները: Ուսումնասիրուած են 2010-2013 թուականները եւ ընտրուած է 15 եւ աւելի տարեկաններու խումբը: Այսինքն երեխաները չեն հաշուըւած:
Ամփոփիչ տուեալները հետեւեալն են. 3 եւ աւելի ամիս բացակայող արտերկրի հայաստանցիներուն թիւը 103 հազար է: Անոնցմէ 45 հազարը կը բացակայի աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր: Ասոր մէջ կան բոլոր երկիրները, ոչ միայն Ռուսիան, քանի որ արտերկրի հայաստանցիներուն աշխարհագրութիւնը չի սահմանափակուիր միայն Ռուսիոյ մէջ:
Աւելցնենք, որ Ռուսիոյ մէջ վերը նշուած ժամանակաշրջանին հաշուըւած է մինչեւ 17 տարեկան 51,2 հազար Հայաստանի քաղաքացի: Այսինքն նախադպրոցական եւ դպրոցական տարիքի, ընդ որում, հաշուառման ժամանակը (Հոկտեմբերի 18) ուսումնական տարուան կէսերուն էր։
Այն անձերը, որոնք եղանակային դրութեամբ դուրս կը մնան երկրէն, որպէս կանոն, իրենց ընտանիքները կը ձգեն հայրենիքի մէջ, հետեւաբար մինչեւ 17 տարեկան երեխաներու առկայութիւնը կ՛ենթադրէ Հայաստանի քաղաքացիներու ընտանիքներու Ռուսիոյ մէջ քիչ թէ շատ մնայուն բնակութեան մասին: Նման ընտանիքներու թիւը կարելի է համարել 25 հազար: Չի բացառուիր, որ այդ քաղաքացիները Ամանորը դիմաւորեն հայրենիքէն դուրս: Ասիկա կը վերաբերի միայն Ռուսիոյ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.